Քրիստ Գազէզեան Գրաւեց Սուրիոյ Երկրորդ Դիրքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/15-1-3.jpg)
Դամասկոսի Տէր Աթիէի մէջ կայացած մարաթոնի մրցումներուն, Հալէպի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստ Գազէզեան, որ կրցաւ ներկայանալ բարձրորակ մակարդակով եւ գրաւել երկրորդ դիրքը` արժանանալով արծաթեայ մետալի: Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:
Քրիստ հինգ քմ. արագ քալուածքի մարաթոնին արդէն կրցաւ ինքզինք ներկայացնել որպէս խոստմնալից ապագայ աստղ եւ արժանանալ կազմակերպող մարմինի գնահատանքին: Նշենք, թէ Քրիստ վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ աթլէթի զանազան մրցումներուն եւ յաջողեցաւ արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Քրիստը Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի ԺԱ. կարգի ուսանող է:
Ռաֆֆի Սիւլահեան