ՀՀ Առաջին տիկինն ու Կին Նախարարները Միացան «Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` #2015RTAG» Շարժման

ՀՀ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան միացած են «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide (Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը)» համացանցային նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է համաշխարհային առումով ճանաչելի դարձնել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Նախաձեռնութեան կը մասնակցին տարբեր երկիրներու եւ տարբեր ազգութիւններու մարդիկ: Անոնք կը նկարուին «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide (Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը)» գրութիւններով եւ իրենց լուսանկարները կը տեղադրուին համացանցի համապատասխան էջին մէջ։

Twitter եւ Facebook ընկերային ցանցերու մէջ ստեղծուած են յատուկ խումբեր, ուր օգտատէրերը կը ներբեռնեն իրենց լուսանկարները, իսկ կիրառութեան մէջ դրուած «#2015RTAG»-ը արդէն լայն տարածում ստացած է:

Այս ճանապարհով նախաձեռնութեան միացած մարդիկ կոչ կ’ընեն Թուրքիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած միւս երկիրներուն ճանչնալ 1915 թուականին մարդկութեան դէմ իրականացուած մեծագոյն յանցագործութիւնը:

Scroll Up