Հայաստան-Վրաստան. Տասնամեակներով Անփոփոխ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 6-ին մեկնարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի եռօրեայ պաշտօնական այցը Վրաստան: Այս մասին  «Հայերն այսօր» -ին կը յայտնեն Վրաստանի հայ համայնքի լրատուական կեդրոնէն, Պաշտօնական այցի առաջին իսկ օրը Գալուստ Սահակեան հանդիպում  ունեցած է վրացի գործընկերոջ` Վրաստանի Խորհրդարանի նախագահին հետ:

«Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ պատմական փոխյարաբերութիւնները եւ կապերու զարգացման յետագայ հեռանկարները: Ուշադրութիւն յատկացուած է ինչպէս առեւտրատնտեսական համագործակցութեան տարբեր երեւոյթներուն, այնպէս ալ մշակոյթի բնագաւառի  հարցերուն: Կողմերը պայմանաւորուած են երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան յետագայ խորացման անհրաժեշտութեան մասին: Խօսակցութիւնը նաեւ վերաբերած է Հայաստանի եւ Վրաստանի Խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութեան աշխուժացման հարցերուն, ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս ալ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Հայաստանի Խորհրդարանի նախագահի խօսքերու համաձայն` ծայրայեղ կարեւոր է այն փաստը, որ մեր երկիրները միջազգային մակարդակի վրայ փոխադարձ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ ուշադրութիւն  յատկացուցած են տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ նշած են, որ այդ հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով», -ըսուած է Վրաստանի Խորհրդարանի մամլոյ ծառայութեան  կողմէ տարածած յայտարարութեան մէջ:

Երկկողմ հանդիպման աւարտին Հայաստանի եւ Վրաստանի Խորհրդարաններու նախագահներու կողմէ իրականացուած է համատեղ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին կողմերը կայացած բանակցութիւններու ամփոփում կատարած են:

«Հայաստանի եւ Վրաստանի ապագան այնքան նեղ  կապուած է իրարու, որ մենք նուազագոյն սխալ գործելու իրաւունք ալ չունինք երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Չնայած անոր, որ Վրաստանը կանգնած է եւրոպական ճանապարհի շեմին, իսկ Հայաստանը, ելլելով իր ռազմավարական շահերէն եւ իրականացնելով իր ինքնիշխանութեան իրաւունքը, կը պատրաստուի մտնել եւրասիական միութիւն, մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները չեն վատթարանայ: Ընդհակառակը: Մենք պայմանաւորուած ենք, որ աւելի աշխոյժ պիտի պաշտպանենք իրար շահերը այդ իսկ միաւորումներուն մէջ:

Մենք խօսած ենք Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն մասին: Որպէսզի երկու երկիրներու մասնաւոր հատուածը աւելի մեծ բանի հասնի, անհրաժեշտ են աւելի շատ փոխադրամիջոցներ, աւելի շատ հաղորդակցական կապեր, անհրաժեշտ է աւելի շատ համագործակցութիւն ուժանիւթի բնագաւառին մէջ:

Մենք խօսած ենք նաեւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ փոխյարաբերութիւններու խորացման անհրաժեշտութեան մասին, եւ պայմանաւորուած ենք, որ պէտք է աջակցինք այն գործընթացին, որ սկսած է երկու տարի առաջ Վրաստանի վարչապետի` Հայաստան կատարած այցի ժամանակ: Այդ հանդիպման ընթացքին մենք որոշած ենք, որ բոլոր պատմամշակութային յուշարձանները, որոնց պատկանելութիւնը դեռեւս վերջնականապէս նշուած չէ եւ վիճահարոյց է, առաջին հերթին պէտք է փրկուին, վերանորոգուին: Վիճահարոյց կարգավիճակը
պէտք չէ ատոնց վիճակը աւելի վատացնէ:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցերուն, որոնց վերաբերեալ կողմերն ունին տարբեր դիրքորոշումներ, մենք պայամանուորուած ենք, որ այդ լաւ է, ոչ թէ վատ: Ատիկա կը մատնանշէ մեր հարուստ պատմութիւնը, հարուստ մշակոյթը: Կը մատնանշէ երկար եւ հարուստ պատմութիւնը, որուն ոչ բոլոր էջերը դեռեւս մինչեւ վերջ յայտնի են մեզի:  Կարեւորը, որ մենք կարենանք այդ ամէնը պահպանել, փրկել մեր ժողովուրդի ու ամբողջ մարդկութեան համար:

Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ծրագրած է  բազմաթիւ հանդիպումներ, եւ ես համոզուած եմ, որ այցելութեան աւարտին մենք կ’ունենանք շատ յստակօրէն համաձայնեցուած գործողութիւններու ծրագիր մեր երկու երկիրներու եւ խորհրդարաններու փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ», -ամփոփելով Հայաստանի Խորհրդարանի նախագահի հետ հանդիպման արդիւնքները` յայտարարած է Վրաստանի Խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշուիլին:

Վրաստանի Խորհրդարանի այցելութիւններէն անմիջապէս ետք Հայաստանի խորհրդարանի նախագահն ուղեւորուեցաւ Վրաց եկեղեցւոյ Պատրիարքարան, ուր բանակացութիւններ տեղի ունեցան վրաց Պատրիարքին հետ:

«Կը ցանկամ ողջունել Ձեզ վրացական եկեղեցւոյ անունէն: Այն պատմական յարաբերութիւնները, որոնք առկայ են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, կը շարունակուին մինչ օրս:      Շատ կարեւոր է, որ մեր եկեղեցիներու միջեւ
հաստատուած է եղբայրական եւ իմաստուն փոխյարաբերութիւններ: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր մշակոյթը: Վրաստանը եւ Հայաստանը քրիստոնէական ովասիս են, եւ մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ մեր եղբայրական յարաբերութիւնները չընդհատուին», -ողջունելով Գալուստ Սահակեանին` յայտարարած է վրաց պատրիարք Իլեայ Երկրորդը:

«Քրիստոնէական արմատները մեր պետութեան հիմքն են, եւ մենք շարունակում ենք այդ ամէնի ժառանգորդն ու շարունակողը մնալ: Մշակութային եւ կրօնական փոխյարաբերութիւնները պէտք է խորացուեն եւ մենք պէտք է նրանց նոր խթան հաղորդենք:  Հայաստանի համար շատ կարեւոր է այն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, որը գտնւում է ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում, այնպէս էլ նրա սահմաններից դուրս: Ուզում եմ Ձեր ուշադրութիւնը յատկացնել Վրաստանի տարածաշրջանում պահպանուած հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ եւ խնդրել Ձեզ, որպէսզի Վրաստանում հայկական եկեղեցիներն առնէք Ձեր հովանու ներքոյ», -յայտարարած է Գալուստ Սահակեան:

Scroll Up