Սպանիոյ Երկու Քաղաքներ Ճանչցած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ապրիլ 5-ին Սպանիոյ Թագաւորութեան երկու քաղաքներ` Փուենտէ Խենիլը (Puente Genil) եւ Ռոտա տէ Անտալուսիան (La Roda de Andalucվa) պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին յայտնեցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, համապատասխան բանաձեւերը երկու քաղաքներուն մէջ ալ ընդունուած են քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու միաձայն համաձայնութեամբ:

Բանաձեւերուն մէջ կը դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ ժխտողականութիւնը եւ Սպանիոյ միւս քաղաքներուն ու կեդրոնական իշխանութիւններուն կոչ կ’ըլլայ հետեւելու իրենց օրինակին եւ նոյնը յորդորելու Թուրքիային:

Համապատասխան որոշումներու ընդունման յաջորդող ելոյթներուն մէջ Փուենտէ Խենիլի եւ Ռոտա տէ Անտալուսիայի քաղաքապետները շեշտած են այդ որոշումներու կանխարգելիչ բնոյթը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու անժամկէտ ըլլալու հանգամանքը ու ատոնց քաղաքական գնահատական տալու անհրաժեշտութիւնը:

2

Scroll Up