«Արարատ» Մշակութային Միութեան 15-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն «Նարեկացի» Արուեստի Կեդրոնէն Ներս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/Untitled-165.jpg)
Սեպտեմբեր 30-ին` ժամը 19:00-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնէն ներս (հասցե` Վարդանանց 16/1) տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի «Արարատ» մշակութային միութեան 15-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:
Ելոյթ պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Թեւոս Ներսիսեան:
«Արարատ» մշակութային միութեան նպատակներու, խնդիրներու, առօրեայի մասին պիտի պատմէ միութեան խորհուրդի նախագահ Էմանուէլ Դոլբակեան։
«Արարատ» միութեան գործունէութիւնը պիտի ներկայացնեն ՌԴ մանկավարժական եւ սոցիալական գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ, Մոսկուայի բազմամշակութային դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն Օֆելիա Առաքելեան, արուեստագէտ, Մոսկուայի գրողներու միութեան, Հայաստանի նկարիչներու միութեան, Պետրոս Մեծի գիտութիւններու եւ արուեստի ակադեմիայի անդամ Էմմա Պուտաղեան, «Արարատ» միութեան անդամ, տեխնիկական գիտութիւններու դոկտոր Անդրանիկ Գինդոյեան:
Գեղարուեստական յայտագրի ծիրէն ներս ելոյթ պիտի ունենան կինոռեժիսոր, դերասան, երաժիշտ, երգիծաբան Գառնիկ Արազեան, երգչուհիներ Հեղինէ Հովսէփեան եւ Մարիա Սահակովա (կոնսերտմայսթր Յարութիւն Թագւորեան):
Երեկոն պիտի վարէ Էմանուէլ Դոլբակեան։