Այցելութիւն «Արի Տուն 2014» Ծրագիրի Հիւրընկալ Ընտանիքներ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան աշխատակիցները` վարչութեան պետ Արմէն Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Դաւիթաշէն վարչական շրջանի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի տասնմէկ հիւրընկալ ընտանիքներ: Անոնց կ’ուղեկցէր Դաւիթաշէն վարչական շրջանի  ղեկավարի աշխատակազմի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութան  բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Տիգրան Գալստեան:

Նախարարութեան աշխատակիցները զրուցեցին ընտանիքիներու անդամներուն հետ, լսեցին անոնց կարծիքները, տպաւորութիւններն  ու  յուշերը սփիւռքահայ երեխաներուն մասին:

Վարչութեան պետ Արմէն Անդրէասեան բարձր գնահատեց հիւրընկալ ընտանիքներու դերը ծրագիրի կայացման, սփիւռքահայ երեխաները Հայրենիքին, հայ մշակոյթին կապելու գործին մէջ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համաբարեան հիւրընկալ ընտանիքներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհակալական խօսքը:

Ընտանիքներէն  մաս մը քանի մը տարի շարունակ երեխաներ  հիւրընկալած են, եւ վստահեցուցին, որ յաջորդ տարիներուն եւս նման նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գան:

Հիւրընկալ ընտանիքները ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ստացան խորհրդանշական նուէր` հայատառ կլոպուս-լուսամփոփ:

Յռաջիկային պիտի շարունակուին նման այցելութիւններ այլ հիւրընկալ ընտանիքներու:

Scroll Up