« Սիրտս Կիսել Կ’ուզեմ Հայաստանի Ու Ֆրանսայի Միջեւ». Անի Սոմոնեան

Մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը, որուն առաջին ծիծեռնակները` Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Սուրբ Մեսրոպ Արապեան» դպրոցի նախակրթարանի աւարտական` 5-րդ դասարանի, Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէլ քաղաքի «Համազգային» վարժարաններու թիւով 66 աշակերտներ այս օրերուն հնարաւորութիւն կ’ունենան ծանօթանալու Հայրենիքի տեսարժան վայրերուն, հիանալու Հայաստանի գարնանային գոյներով: Անոնց հետ ժամանած են նաեւ 10 ուսուցիչներ: 11 տարի անընդմէջ ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեան հովանաւորած է հայ աշակերտներու այցելութիւնը Հայրենիք. այդ երեխաներէն շատերը հէ՛նց ծրագիրի ծիրէն ներս  առաջին անգամ տեսած Հայաստան, ուստի ֆրանսահայ բարերարի հայրենանուէր առաքելութիւնը կարելի է, անշուշտ, համարել հայանպաստ գործունէութիւն: Ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին  տեսնել  պէտք էր խանդավառ հայեացքներով այդ երեխաներուն, որոնցմէ երկուքին հետ  ջերմ ու անկեղծ հարցազրոյց մը ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար:

Ռուբէն Դանիէլեան, Ֆրանսա, Ալֆորվիլ– 5-րդ դասարանի աշակերտ եմ, երկրորդ անգամ  Հայաստան կ’այցելեմ, մենք այստեղ բարեկամներ ունինք. կարօտցած էի Հայրենիքս ու մեր բարեկամները: Հայաստան շատ փոքր է Ֆրանսայէն, բայց Հայաստան նաեւ շատ գեղեցիկ է. ես կը հպարտանամ, որովհետեւ աշխարհի մէջ շատ բան հայերը  ստեղծած են, շատ յայտնագործութիւններու հեղինակ են: Մեր ընտանիքէն ներս բոլորը կը խօսին հայերէն, ես չեմ մոռնար եւ պիտի չի մոռնամ իմ մայրենի լեզուս: Շատ կը սիրեմ Սեւանայ լիճը, ափսոս, որ ցուրտ է. այնպէ՜ս կ’ուզէի Սեւանի մէջ լողալ: Մեր դպրոցին մէջ մարզական շատ խաղեր կը կազմակերպուին, բայց լող չենք պարապիր: Երբ մեծնամ, որոշած եմ նորարարական տեխնոլոգիաներու ոլորտին մէջ յայտնի մարդ դառնալ, որպէսզի հայերը հպարտանան ինձմով:

Անի Սոմոնեան, Ֆրանսա, Ալֆորվիլ-ես Ռուբէնի համադասարանցին եմ, արդէն 8-րդ անգամ Հայաստան կու գամ, մենք այստեղ շատ բարեկամներ ունինք: Այնտեղ ալ ունինք բարեկամներ ու ծանօթներ: Շատ կը սիրեմ Հայաստանը. կ’ուզէի տարուան մէկ մասը ապրիլ Ֆրանսայի, միւս մասը` Հայաստանի մէջ. սիրտս կիսել կ’ուզեմ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ:

 …Այս փոքրիկ աղջնակին սրտին մէջ ամբարուած մեծ սիրոյ ու կարօտի արանքին մէջ Հայաստանը ինծի համար կը պատկերուի ճեղքուած նռան տեսքով, Ռուբէնի` հայակարօտ, Սեւանայ լիճի կապտականաչ ալիքներուն պէս սիրուն աչքերու խորութեամբ ու մաքրութեամբ եւ կ’ուզես հաւատալ, յուսալ, որ Հայրենիքի ապագան կերտողները նաեւ մեր սփիւռքահայ երեխաները պիտի ըլլան:

 Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up