Լիբանան-Հայաստան Բարեկամական Ընկերակցութեան Գլխաւոր Քարտուղարը Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանան-Հայաստան բարեկամական ընկերակցութեան գլխաւոր քարտուղար, Լիբանանի ոսկերիչներու միութեան նախագահ Պօղոս Քուրտեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Պօղոս Քուրտեանի եւ Լիբանան-Հայաստան բարեկամական ընկերակցութեան գործունէութիւնը` նշելով, որ ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն է լիբանանցիին առաւել մօտիկէն ծանօթացնելու Հայաստանին եւ հայկական հիմնահարցերուն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար` Պօղոս Քուրտեան նշեց, որ նման ընկերակցութիւններու գործունէութեան անհրաժեշտութիւն կայ աշխարհի բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Այսօրինակ ընկերակցութիւններու շնորհիւ կարելի է առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման վերաբերեալ քարոզչական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ներդրումներու հնարաւորութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն տարածելը:
Հանդիպման քննարկուեցան «Հայրենիք-Սփիւռք» 5-րդ համահայկական համաժողովին, Հայրենիքի մէջ սփիւռքահայերու կողմէ ներդրումներու աւելացման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր: