Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հովուապետական Այցով Ժամանեց Հնդկաստան

Սեպտեմբեր 25-ին Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներ կատարելիք հովուապետական այցի ծիրին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ժամանեց Հնդկաստան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն, նոյն օրը Նորին Սրբութիւնը այցելեց Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցի` Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Տ. Զաւէն աբեղայ Եազիչեանի, Մայր Աթոռի Դիւանատան Ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր քահանայ Աւետիսեանի, եկեղեցական վարչութեան անդամներ տիկ. Սիւզան Ռուբէնի, պրն. Սունիլ Սոպթիի եւ հիւրերու ուղեկցութեամբ: Եկեղեցւոյ յարակից գերեզմանատան մէջ աղօթք մատուցուեցաւ ննջեցեալներու հոգիներու հանգստութեան համար:
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետն այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ հնդկահայ համայնքի անդամներուն հետ, նաեւ օրհնեց եւ բժշկութեան աղօթք կատարեց ծերանոցի բնակիչներուն համար: Հանդիպումէն ետք եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ Հնդկաստանի մէջ ապրած հայորդիներուն:
Նոյն օրը Ամենայն Հայոց Հայրապետն այցելեց Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարան, ուր ճեմարանի պաշտօնէութիւնը եւ աշակերտներն աւանդական աղ ու հացով դիմաւորեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` առաջնորդելով ճեմարանի դահլիճ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի, Հնդկաստանի եւ ճեմարանի օրհներգներով: Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետին ողջունեց ճեմարանի կառավարիչ Տ. Զաւէն աբեղայ Եազիչեան` յոյս յայտնելով, որ Նորին Սրբութեան այցը պիտի խանդավառէ ճեմարանականները` առաւել ջանասիրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ ուսանելու հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին ճեմարանի երգչախումբը կատարեց նշանաւոր հայկական, հնդկական եւ պենկալեան ազգային երգեր, եղան պարային ելոյթներ, սաները ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» բանաստեղծութիւնը: Նորին Սրբութեան այցի առիթով իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին նաեւ ուսուցիչները, այս յատուկ առիթով ուսուցչուհի Սոմա Սարկարի կողմէ կատարուեցաւ պենկալեան երգ:
Ցերեկոյթին ներկայացուեցաւ նաեւ հնդկահայոց պատմութիւնը 17-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը:
Հանդիսութիւնը ամփոփուեցաւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեան խօսքով: Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց համայնքը, ճեմարանի աշխատակազմը եւ աշակերտները վերջին տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ յառաջընթացին առիթով: Հայոց Հայրապետը յորդորեց մանկավարժներուն շարունակելու իրենց բարի եւ ազնիւ առաքելութիւնը` կրթելու մանուկներու նոր սերունդը, եւ յորդորեց կրթական հաստատութեան սաներուն գնահատելու եւ լաւագոյնս իւրացնելու իրենց ջամբուող գիտելիքը:
Վերջաւորութեան Հայրապետի այցի առիթով տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` մասնակցութեամբ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ հիւրերու: