Սթամպուլի Հայկական Համայնքին Տարածքներ Վերադարձուած են

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդը որոշում կայացուցած է շուրջ 42 հազար քառակուսի մեթր տարածք վերադարձնել հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress-ը` վկայակոչելով թրքական Haberler.com-ը։

Հայկական համայնքին վերադարձուած տարածքի մէջ կը մտնէ նաեւ Սթամպուլի “Զզէյթինպուրնու” մարզադաշտը:

Հայկական գոյքը հիմնադրամին վերադարձնելու վերջնական որոշումը կայացուած է 2014 թուականի Յունուար 22-ին, բայց Զէյթինբուրնուի քաղաքապետարանը դատարանի մէջ բողոքարկած էր որոշումը` պատճառաբանելով, թէ հայկական համայնքին տարածքը վերադարձնելու որոշումը հակաօրինական է: Այնուամենայնիւ, դատարանը չէ բաւարարած Զէյթինպուրնուի քաղաքապետարանի հայցը` տարածքը վերադարձնելով հայկական համայնքին:

Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլուն նշած է, որ կը ցանկան իրենց վերադարձուած եւ 338 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 150 միլիոն ԱՄՆ տոլար) արժողութեամբ տարածքը օգտագործել ամենաարդիւնաւէտ ձեւով: Շիրինօղլուի խօսքով` այդ տարածքի մէջ ամենայն հաւանականութեամբ կը կառուցուին առեւտուրի կեդրոն, հիւրանոց կամ իջեւանատուն, իսկ անոնցմէ ստացուող եկամուտը պիտի օգտագործուի հիւանդանոցի եւ համայնքի կարիքները հոգալու համար:

Scroll Up