Բակօ Սահակեան Ընդունած է Ռուսաստանի Հայերու Միութեան Նախագահ Արա Աբրահամեանը
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 14-ին ընդունած է Ռուսաստանի հայերու միութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ կազմակերպութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի նախագահի լրատուական ծառայութենը։
Աղբիւրի համաձայն քննարկուած է Արցախի մէջ տարբեր ծրագիներու իրականացման հետ առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի դերը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Արցախի զարգացման եւ արտերկրի ազգային ինքնութեան պահպանման գործի մէջ: