Դեսպան Քոչարեան Դասախօսեց Հայաստանի Տնտեսական Քաղաքականութեան Մասին

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ուրբաթ, 28 նոյեմբեր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն զեկուցաբերն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Աշոտ Քոչարեան` նիւթ ունենալով Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութիւնը, Հայաստան-սփիւռք համաժողով, Մաքսային միութիւն-Եւրասիական միութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:

Օրուան դասախօս Աշոտ Քոչարեան նախ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական քաղաքականութեան` նկատել տալով, թէ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ նկատելի աճ եւ աշխուժութիւն գոյութիւն ունի տնտեսական մարզին մէջ` ըսելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնը այսօր կը գտնուի զարգացումներու շրջանին մէջ, սակայն նկատելի է շրջանի տնտեսական մարզերուն մէջ առողջ համագործակցութեան բացակայութիւնը, ապա շարունակեց ըսելով, որ այսօր մեծ ջանքեր կը գործադրուին Հայաստանի մէջ տնտեսական մարզի յաջող եւ պատշաճ ներկայացման, տնտեսական  յաջողութեան հասած երկիրներուն հետ համագործակցութեան խթանման եւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող ընկերութիւններուն ներառման գործին մէջ:

Ան յիշեց, թէ Հայաստանի` ՄԱԿ-ի անդամ դառնալուն արդէն անցած է երկու տասնամեակ, որուն ընթացքին ան ձեռք ձգած է դիւանագիտական փորձառութիւն եւ դարձած է յուսալի գործընկեր` Արեւմուտքի բազմաթիւ երկիրներու համար:

Քոչարեան յստակօրէն անդրադարձաւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի արդար եւ խաղաղ պահանջին: Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ջանքերու պահանջը կը վիժեցուի Ազրպէյճանի կողմէ:

Ան աւելցուց, որ Հայաստան իր ռազմավարութեան շնորհիւ աջակցութիւնը կը վայելէ եւրոպական պետութիւններուն: Նկատելի է յատկապէս միջազգային համագործակցութիւնը մանաւանդ մշակութային մարզին մէջ:

Աշոտ Քոչարեան հակիրճ տուեալներով ներկայացուց Հայաստան – սփիւռք համահայկական 5-րդ ժողովին ընդհանուր նպատակն ու որոշումները:

Ան խօսեցաւ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին` շեշտելով, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը մաքսային այս կազմակերպութեան չի խանգարեր Հայաստանի  յարաբերութիւնները արեւմտեան երկիրներուն հետ:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նանօր Մաճարեան դաշնակով եւ Շահէ Պապահէքեան ձեռնադաշնակով:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ ժամը 9:30-ին: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Անժել Միսիսեան:

Scroll Up