ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Սան Փաոլօ Քաղաքի Հայ Դատի Գրասենեակի Փոխնախագահ Գէորգ Զատիկեանը
Սեպտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պրազիլի Սան Փաոլօ քաղաքի Հայ Դատի գրասենեակի փոխնախագահ Գէորգ Զատիկեանը:
Գէորգ Զատիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայրենիք-Սփիւռք» 5-րդ համահայկական համաժողովին մասնակցութեան հրաւէր ստանալուն եւ ջերմ ընդունելութեան համար: «Շատ կարեւոր էր, որ ձայնի իրաւունք ստացան բոլոր ցանկացողները եւ վեր բարձրացուեցան համայնքային խնդիրները, ուղենշուեցան ատոնց լուծման ճանապարհները», – նշեց Սան Փաոլօ քաղաքի Հայ Դատի գրասենեակի փոխնախագահը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարն ուրախութեամբ նշեց, որ համաժողովի աւելի քան 1000 մասնակիցներ Հայրենիքի մէջ գտնուելու կարճ ժամանակահատուածին յաջողութեամբ հասցուցին խտացուած օրակարգով հանդիպելու պաշտօնատար անձանց հետ, այցելելու էջմիածին, Եռաբլուր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` միեւնոյն ժամանակ քննարկելով իրենց յուզող բոլոր հարցերը:
Սան Փաոլօ քաղաքի Հայ Դատի գրասենեակի փոխնախագահը խօսեցաւ Սան Փաոլոյի հայ համայնքի խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման մասին: Նշուեցաւ, որ հեռաւոր Պրազիլի Սան Փաոլօ քաղաքին մէջ մեծաթիւ հայեր կը զբաղին կօշիկի առք ու վաճառքով եւ մեծ ցանկութիւն ունին ստեղծելու կօշիկի առեւտուրով զբաղող հայկական միութիւն կամ ցանց, որ հնարաւոր բոլոր տարբերակներով պիտի օգնէ եւ աջակցի Հայրենիքին:
Գէորգ Զատիկեան ցաւով անդրադարձաւ համայնքի հայկական դպրոցէն ներս հայերէնի ուսուցման վերաբերող խնդիրներուն:
Երկուստեք կարեւորուեցաւ Հայաստանէն հայերէնի ուսուցիչի գործուղման անհրաժեշտութիւնը:
Բարձր գնահատելով Սան Փաոլօ քաղաքի հայութեան ինքնակազմակերպան եւ հայրենիքին աջակցելու ցանկութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ համայնքի ծրագիրներու իրականացման աջակցելու համար: