Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովը Մեկնարկեց «Խաղաղութեան Արուեստ» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացմամբ

Սեպտեմբեր 18-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի անհատական ցուցահանդէսը` «Խաղաղութեան արուեստ» խորագիրով` (www.PeaceofArt.org) նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Ցուցահանդէսի բացման կը մասնակցէր ՀՀ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, Հայաստանէն հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ:

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան 1915թ. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Սուրիոյ մէջ օթեւան գտած հայ ընտանիքի զաւակ է, որ մանկութենէն ականջալուր  եղած է կոտորածի դաժան պատմութիւններուն եւ իր ծնողներու աչքերով տեսած այն: Հայրենիքի կարօտը եւ բնատուր տաղանդը զարգացնելու ցանկութիւնը երիտասարդ Վարուժանին բերին հայրենիք:

Հեճինեան Սփիւռքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ 1996թ. Մասաչուսէթս նահանգին մէջ բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող մեծադիր ցուցապաստառներ: Ձեռնարկը ունի ամէնամեայ շարունակական բնոյթ` 1996-էն մինչեւ 2014թ.: Ան միջազգային հանրութեան բացէ ի բաց ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ողջ իրողութիւնը, որպէս անհերքելի պատմական փաստ` կոչ ընելով ճանչնալու այն, դատապարտելու  ոճրագործին եւ հատուցում պահանջելու:

Ողջունելով հեղինակն ու արուեստասէր ողջ հանրութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Հայ մեծանուն գրող Դանիէլ Վարուժանի անունով կնքելով իրենց զաւակին` նկարչի ծնողները հայ ազգին նուիրեցին տաղանդաւոր արուեստագէտ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանին, եւ եթէ գրող Դանիէլ Վարուժանն իր եղէգնեայ գրչով պատկերեց Հայոց վիշտն ու իղձերը, ապա նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը դա արեց վրձնով»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հեճինեանի պրոնզակուռ «Մօր ձեռքերը» կոչուող խաչքար-յուշարձանին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Այն տեղադրուած է Լոուել քաղաքի քաղաքապետարանին դիմաց` բոլորին համար տեսանելի վայրի մէջ եւ անուանուած է «Մայր խաչքար», քանի որ քարը կը խորհրդանշէ մարմինը` «Հայրենիքը», իսկ պրոնզը` հոգին` «Սփիւռքը»:

Գերատեսչութեան ղեկավարն ընդգծեց, որ նկարիչի բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կ’իշխէ սէրը` Հայրենիքի, կնոջ, բնութեան, զաւակներու հանդէպ:

Նկարիչի արուեստի եւ ներկայացուած ստեղծագործութիւններուն մասին խօսեցաւ արուեստագէտ Շահէն Խաչատրեան` բարձր գնահատելով Հեճինեանի ոճային ինքնատիպութիւնը, կատարման բարձր վարպետութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթս նահանգի Միտլսէքս քաղաքի Շէրիֆ Փիթըր Կուտուճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` ԱՄՆ-ի մէջ բնակող իր հայրենակիցի` Հայրենիքին մէջ  բացուած ցուցահանդէսին մասնակցելու հրաւէրին համար: Հայազգի շէրիֆը հպարտութեամբ խօսեցաւ իր հայրենակից Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով ստեղծած բարձրարուեստ կտաւներու մասին, որոնք միջազգային հանրութեան ներկայացուցած են 20-րդ դարու սկիզբը թուրքերու կողմէ իրականացուցած ոճրագործութիւնը:

Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման աւարտին խօսեցաւ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` Հայրենիքի մէջ իր անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպելու վաղեմի երազանքը իրականութիւն դարձնելու համար:

Հեճինեան իր շնորհակալական խօսքը յղեց նաեւ կնոջ եւ դուստրին` ցուցահանդէսի կազմակերպման գործին մէջ իրեն քաջալերելու համար եւ մասնակիցներուն հրաւիրեց ցուցասրահ` դիտելու ներկայացուած կտաւները:

Ձեռնարկէն անմիջապէս ետք Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի մասնակից Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները եւ ներկայացուցիչները կ’այցելեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղիկներ կը դնեն անմեղ զոհերու յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին մէջ ծառ կը տնկեն:

Scroll Up