Պունտեսթագի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Քննարկում Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ

Յաջորդ տարի Գերմանիոյ խորհրդարանը քննարկում պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ կը նախատեսուի, որ խորհրդարանականները ընդունեն նաեւ բանաձեւ:

Ինչպէս Պեռլինէն կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Քրիստոնէա-դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր, Պունտեսթագի արտաքին կապերու յանձնաժողովի անդամ Մանֆրեդ Կրունտը կ’ըսէ, որ պիտի քննարկուի ձեւաչափի հարցը:

«Պունտեսթագի ղեկավարին հետ խօսած եմ եւ հիմա կը քննարկենք, թէ ինչ ձեւաչափ ընտրել, որպէսզի յաջորդ տարի յիշատակենք այդ սարսափելի ոճրագործութեան 100-րդ տարելիցը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Պունտեսթագը կ’ընդունի նաեւ բանաձեւ այդ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ նաեւ Պունտեսթագէն ներս կը կազմակերպուի քննարկում այդ ոճիրին հետ կապուած»,- ըսաւ Մանֆրետ Կրունտը:

Scroll Up