Մահացած Է Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Ամէնէն Տարեց Հայուհին

Ծննդեան 107-ամեակի նախաշեմին մահացած է Ֆրանսայի  մէջ ամէնէն տարեց հայուհին` Ովսաննա Գալուստեանը: Այս մասին կը գրէ «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականը, 1907 թուականին Ադապազարի մէջ ծնած վարսավիրի եւ սրճարանի սեփականատիրոջ դուստրը կենդանի մնացած այն վերջին հայերէն էր, որոնք վերապրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Կիոմ Փերէյի յօդուածին մէջ, որ 2014 թուականի յունուարին տպագրուած է ֆրանսական «Le Monde» պարբերականին մէջ, մէջբերուած են Ովսաննա Գալուստեանի թոռնիկի` Ֆետերիքի խօսքերն այն մասին, թէ ինչ  տեղի ունեցած է 1915 թուականին. «Կիրակի էր, Ովսաննայի մայրը վերադարձած էր եկեղեցիէն: Քահանան յայտարարած էր, որ պէտք է երեք օրուան մէջ լքել քաղաքը` թաղամաս առ թաղամաս»:

Բոլորին  յայտնի է, թէ ինչ եղաւ յետոյ. հազարաւոր հայեր քշուեցան Սուրիոյ անապատներ:

1928 թուականի դեկտեմբերին հասնելով Մարսէլ` Ովսաննա Գալուստեան
կ’ամուսնանայ Զաւէն անունով հայու մը հետ, որուն հետ կ’ապրի իր ողջ կեանքը:

Հայուհին ունի բանաստեղծութիւններու ժողովածու, որ սկսած է գրել 65 տարեկան հասակին: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ տարեց հայուհին ըսած է. «Աստուած ինծի  ապրելու այսքան երկար կեանք տուաւ, որպէսզի ես հնարաւորութիւն ունենամ պատմելու այս պատմութիւնը»: Իսկ անոր թոռնիկը` Ֆետերիքը, աւելցուցած է. «ժխտել Ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ` ժխտել իմ մեծ մօր խօսքերը»:

«Nouvelles d’Arménie»

Scroll Up