Տեղի Կ’ունենայ Աննա Աստուածատրեան-Տուրկոտի §Ոչ Մի Տեղ. Աքսորի Պատմութիւն» Գիրքի Շնորհանդէսը
Սեպտեմբեր 8-ին ժամը 14:00, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Աննա Աստուածատրեան-Տուրկոտի <Ոչ մի տեղ. աքսորի պատմութիւն> գիրքի շնորհանդէսը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, Էրեբունի պլազա բ/կ, 9-րդ յարկ, Էրեբունի սրահ):
§Ոչ մի տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքի հիմքին մէջ երիտասարդ աղջկան մը օրագիրին մէջ եղած գրառումներն են: Կը նկարագրուին Պաքուի մէջ կազմակերպուած ջարդերը, որպէս փախստական` անոր կեանքի պատմութիւնը:
Աննա Աստուածատուրեան-Տուրկոտի գիրքը կը նկարագրէ Ատրպէյճանի հայութեան ապրած ողբերգութիւնը, որու մասին շատ հազուադէպ կը խօսէին արեւմուտքի մէջ: Անոր ապրած անձնական ողբերգութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ ազգային զտումներու ենթարկուած երեխաներու տառապանքի վառ օրինակն է: