Երեւանի Մէջ Սեպտեմբեր 19-20 Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/Untitled-112.jpg)
2014 թուականի սեպտեմբեր 19-20 Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի շուրջ 700 ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ:
Համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ:
Համաժողովին պիտի քննարկուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ համազգային առաջնահերթութիւններու վերանայման, լրացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայոց ցեղասպանութիւն 100:
ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրը կրող լրագրողներու եօթերորդ համահայկական համաժողովը: