ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Շնորհաւորական Խօսքը Գիտելիքի Օրուան Առթիւ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/09/017.jpg)
Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու սիրելի´ տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Գիտելիքի օրուան առթիւ:
Կրթութիւնը մեր ազգի գոյատեւման հիմքն է, դպրոցը` այն կարեւորագոյն բջիջը, որ պէտք է հոգ տանի մեր ապագայ սերունդին մասին, աջակցի անոնց ճիշդ ուղղութեամբ երթալու եւ կենսական խնդիրներուն կողմնորոշուելու հարցին մէջ:
Սփիւռքի մէջ գործող դպրոցները կ’իրականացնեն հայապահպանութեան պատասխանատու գործը եւ կը պայքարին, որ սերունդները ապրին` անխոտոր պահելով ազգային դիմագիծը, հաւատարիմ մնալով իրենց ինքնութեան` դառնան հայ ժողովուրդի արժանաւոր, նուիրեալ զաւակներ:
Եւ այստեղ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունիք դուք, կրթութեան գործի սիրելի´ կազմակերպիչներ եւ ուսուցիչներ: Դո´ւք կը յայտնաբերէք մարդուն, կ’արթնցնէք անոնց մէջ քնացած ստեղծագործական ուժերը եւ կեանքի կը կոչէք զանոնք, դուք էք, որ ընտանիքէն ետք կ’ապահովէք մատաղ հայորդիներու հայեցի դաստիարակութիւնը ու անոնց մէջ կը սերմանէք իրենց ազգային պատկանելութեան հաւատարիմ մնալու եւ լաւ հայ մեծնալու ձգտումը:
Իմ խոնարհումը բոլոր անոնց, որոնք անձնուիրաբար կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, որոնք կը սորվեցնեն անձանձրոյթ, խօսքով` պայծառ, գործով` բեղմնաւոր եւ անսահման պատասխանատուութեամբ կ’իրականացնեն իրենց հայրենանուէր աշխատանքը:
Իսկ դուք, սիրելի´ դպրոցականներ, ձեր հոգիին եւ մտքին մէջ ամբարած հայոց ոգիի, մտքի ուժը, որպէս մերօրեայ համաշխարհային գործընթացներու դէմ ձեր պայքարի «գործիքներ» պէտք է կիրառէք մեր մայրենիի, մշակոյթի ու պատմութեան իմացութիւնը, ըլլաք մրցունակ, կեանքի մէջ ձեզ դրսեւորէք որպէս յառաջադիմութեան եւ արդարութեան առաջամարտիկներ` միշտ կրելով ազգային եւ համամարդկային բարձր արժէքներուն ծառայելու առաքելութիւնը:
Այս ամէնէն, ի հարկէ, անմասն չէք եւ դուք, սիրելի´ ծնողներ: Ձեր շնորհիւ է, առաջին հերթին, որ ձեր երեխան պէտք է հասկնայ հայ մնալու, Հայրենիքի հետ կապը պահելու, ազգային արժեհամարգին հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը:
Տան մէջ խօսէք հայերէն, հետեւողական եղէք ձեր զաւակներու հայեցի կրթութիւնը ապահովելու հարցին եւ վստահ եղէք, որ անով դուք կը նպաստէք հայապահպանութեան եւ հայրենի պետութեան հզօրացման:
Կրկին շնորհաւորելով` կը մաղթեմ, որ այս նոր ուսումնական տարին հետաքրքիր, ձեռքբերումներով եւ յաջողութիւններով լեցուն ընթացք ունենայ, եւ դուք ալ աւելի զօրանաք ձեր գիտելիքներով, ալ աւելի մօտենաք մեր
հայրենիքին` Մայր Հայաստանին:
Բարին ընդ ձեզ…
Սիրով`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ