Համագործակցութիւն Համահայկական Կազմակերպութիւններու Հետ

Մայիս 20-21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Հովարդ Քարագէօզեան» բժշկական բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը Արարատի մարզի Դարբնիկ եւ Դարակերտ համայնքներուն մէջ կը կազմակերպէ առողջապահական արտագնայ այց: Այդ համայնքներուն մէջ կ’իրականացուի սուրիահայերու, իրաքահայերու եւ Խորհրդային Ատրպէյճանէն տեղահանուած հայերու ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական բուժզննութիւն, իսկ մինչեւ 18 տարեկան երիտասարդները, որոնք  ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական խնդիրներ ունին համապատասխան բուժումներ կը ստանան Երեւանի մէջ` «Հովարդ Քարագէօզեան» բժշկական բարեգործական հաստատութեան մէջ:

Scroll Up