Սուրիոյ Նորանշանակ Կառավարութեան Կազմին Հայ Նախարար Կայ
Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատի հրապարակած կառավարութեան նոր կազմին մէջ ներգրաւուած է նաեւ հայազգի նախարար:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրէս»- ը` վկայակոչելով Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, բնապահպանութեան նախարար նշանակուած է հայազգի Նազիրա Սարգիսը:
Սուրիոյ կառավարութիւնը կազմուած է 35 նախարարութիւններէ, ներառեալ` նախագահի հրամանով աւելցած եւս մէկը` Վարչական բարեկարգման նախարարութիւնը: Կառավարութեան ղեկավար նշանակուած է Ուաել Նաթեր Ալ Հալաքը:
Օգոստոս 27-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատը հրապարակած է 2014 թուականի 273-րդ օրինագիծը` Սուրիոյ նոր կառավարութեան կազմի առընչութեամբ:
Ասատը նախագահ վերընտրուած է յունիս 3-ին` համաժողովրդական քուէարկութեան ժամանակ ստանալով ընտրողներու ձայներու 89 տոկոսը: