Նայիրա Կարապետեանի Յայտարարութիւնը ԵԽԽՎ-ի Մէջ` Քեսապի Վերաբերեալ.News.am
Մարտ 21-ին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հինաւուրց Քեսապ քաղաքը եւ շրջապատող 12 գիւղերը, որ մեծամասնօրէն բնակեցուած են հայերով, ենթարկուեցան վայրագ յարձակման Ալ-Քայիտայի հետ փոխկապակցուած ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որոնք ներթափանցած էին Թուրքիոյ տարածքէն: Այս մասին` ապրիլ 7-ին, ԵԽԽՎ նստաշրջանին յայտարարած է հայկական պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Կարապետեան:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Քեսապի բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ` աւելին, քան 700 հայ ընտանիքներ, տարհանուած եւ տեղի Քրիստոնեայ համայնքի օգնութեամբ տեղափոխուած են համեմատաբար անվտանգ համարուող հարեւան Լաթաքիա: Ցաւօք, շատ տարեց մարդիկ ստիպուած եղած են մնալ Քեսապի մէջ` զրկուած ըլլալով տեղաշարժուելու հնարաւորութենէն:
Այս դէպքերէն 3 օր անց Հայաստանէն մեկնած խումբ մը պատգամաւորներու հետ ես նոյնպէս անձամբ այցելած եմ Լաթաքիա, հանդիպած հայկական եկեղեցւոյ մէջ ապաստան գտած ընտանիքներուն: Անոնց վկայութեամբ` ծայրահեղականները պղծած են քրիստոնէական եկեղեցիները, ահռելի վնաս հասցուցած խաղաղ բնակչութեան ունեցուածքին:
Հայերը Քեսապի մէջ բնակած են դարեր ի վեր, սակայն կան նաեւ ընտանիքներ,
որոնք գրեթէ հարիւր տարի է, որ հաստատուած են այստեղ` փորձելով փրկուիլ
հայոց Ցեղասպանութենէն: Եւ հիմա կրկին, 1915 թուականի այն սարսափելի օրերէն գրեթէ մէկ դար անց, մէկ այլ մղձաւանջ, կեանքէն զրկուելու մէկ այլ վտանգ կը հետապնդէ անոնց, ստիպելով դարձեալ տարհանուիլ: Մարդիկ կրկին լքած են իրենց տուները` չհասցնելով անգամ վերցնել փաստաթուղթեր, միայն այն հագուստով, որմով եղած են փախուստի պահուն: Եկեղեցւոյ օգնութիւնը հնարաւոր է շուտով աւարտի, քանի որ այն անսպառ չէ: Հաւատացէք, շատ ծանր է եկեղեցւոյ բակին մէջ տիրող այդ տեսարանը. երեխաներ, տարէցներ, կանայք եւ տղամարդիկ` ժամանակաւոր կացարան գտած, զրկուած տարրական առողջապահական պայմաններէն, հիւանդութիւններու եւ վարակներու տարածման վտանգի տակ, եւ չունին անգամ յոյս` շուտափոյթ վերադառնալու իրենց բնակավայրերը:
Նկարագրուած իրավիճակը ոչ այլ բան չէ, քան մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ահռելի խախտում, մարդու իրաւունքներու միջազգային բոլոր պայմանագիրներու խախտում, ներառեալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը: Հարկ է նշել, որ Քեսապի խնդիրը բարձրաձայնուած է աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ, սակայն, ցաւօք, ոչ միայն հայերուն կը վերաբերի խնդիրը` շարք մը այլ գիւղեր, բնակեցուած քրիստոնեաներու կամ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու կողմէ, նոյն ուժերու կողմէ նոյնպէս ենթարկուած են բռնութիւններու եւ տարհանման` մինչեւ ահաբեկիչներու Քեսապ հասնիլը:
Օգտագործելով այս բարձր ամպիոնը եւ այս հնարաւորութիւնը` կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեանն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն սատար
կանգնելու Սուրիոյ մէջ զինուած հակամարտութեան հետեւանքով ծայրայեղ խոցելի վիճակի մէջ յայտնուած ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն, որոնք դարձած են առաջնային թիրախ:
Եւ քանի որ մարդասիրական ճգնաժամը դեռ կը շարունակուի, շատ կարեւոր կը համարենք ներազդել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ եւ կոչ կ’ընենք անյապաղ դադրեցնել Թուրքիոյ տարածքի տրամադրումը ահաբեկչական ուժերու կողմէ օգտագործման համար: Բռնի ուժի կիրառումը խաղաղ բնակչութեան հանդէպ, անկախ կրօնական եւ ազգային պատկանելիութենէն, պէտք է խստօրէն դատապարտել: