Բարեգործական Համերգ Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Վարժարանը Վերականգնելու Նպատակով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/Untitled-165.jpg)
Օգոստոս 26-ին «Քեսապ հայրենակցական միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական համերգ: Համերգէն ստացուած հասոյթը պիտի տրամադրուի Քեսապի ազգային ուսումնասիրաց վարժարանի վերականգնման, ուր կը յաճախեն 200 քեսապահայ երեխաներ:
Համերգին ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ձեռնարկին կազմակերպիչները, նախաձեռնութեան մասնակցած արուեստագէտներն ու հանդիսատեսը` նախարարը կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը նոր տարհանման, աղէտի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն աջակցելու, հայրենասիրական ոգին արթնցնելու, ազգային միասնականութիւնը կերտելու գործին մէջ: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Քեսապը Կիլիկեան Հայաստանի մի պատառիկն է, նրա մշակոյթի ու հերոսական ոգու կրողն ու ժառանգորդը: Մենք պէտք է պահպանենք Քեսապի բարձր մշակոյթն ու մեծ աւանդոյթներ ունեցող համայնքը, աջակցենք աւերուած համայնքային կառոյցների ու կրթօջախների վերականգնմանը, բարոյապէս սատարենք մեծ փորձութիւնների բովով անցած մեր հայրենակիցներին»:
Համերգը վարեցին յայտնի հաղորդավարներ Նազէնի Յովհաննիսեանն ու Աւետ Բարսեղեանը:
«Սասնայ ծռեր» երգի-պարի համոյթի հետ հանդէս եկաւ Մրոն` Արսէն Գրիգորեանը: Իրենց կատարումներով հանդէս եկան հայկական էսդրատայի ճանչցուած ներկայացուցիչներ Անտրէն, Արմինքան, Էմմին, Սոֆի Մխեյեանը, Գոհար Յովհաննիսեանը, Արամոն, Էրիկը, Մարտին Ահարոնեանը, Աղասի Իսպիրեանը:
Համերգը աւարտեց «Ինտեր տանս» պարային համոյթի «Բերդ» պարով:
Համերգի կազմակերպման աջակցած էին Արամ Խաչատրեան համերգասրահը, «ATD» եւ «3points» ընկերութիւնները:
«Քեսապ» հայրենակցական միաւորումը հիմնադրուած է 2014 թուականի ապրիլ 6-ին` 1946-1947 թթ.-ին հայրենադարձուած քեսապահայերու ժառանգներու կողմէ: Կառոյցն իր առջեւ խնդիր դրած է համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող քեսապահայերը, աջակցիլ Քեսապի մէջ ապրող եւ վերջին զարգացումներու հետեւանքով Հայաստան գտնուող քեսապցիներու նիւթական եւ ֆինանսական վիճակի բարելաւման: Բարոյահոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն ցուցաբերել անոնց, պահպանել Քեսապի մշակութային ժառանգութիւնը, իրականացնել տարաբնոյթ սոցիալ-տնտեսական, կրթական, առողջապահական, բարեգործական ծրագիրներ` թեթեւցնելու կարիքաւոր հայրենակիցներու հոգսերը: