«Արի Տուն-2014». «Իմ Հայրենիքը Գանձ Է, Որ Շատերս Չենք Գնահատեր Կամ Միայն Հեռանալէ Ետք Կ’արժեւորենք»

«Հայերն այսօրը» կը շարունակէ ներկայացնել արիտունցիներու կարծիքներն ու տպաւորութիւնները:
Աննա Մկրտչեան, 17 տարեկան , Հոլանտա
Շատ անգամ եկած եմ Հայաստան, սակայն այս ծրագիրին կը մասնակցիմ առաջին անգամ, եղբօրս` Ազատին հետ: Ութ ամսականէն կ’ապրիմ Հոլանտայի մէջ: Հիմնական նպատակը Հայրենիք գալու` բարեկամներուն տեսնելն է, քանի որ շատ կը կարօտնանք իրենց: Այնտեղ` Հոլանտայի մէջ, շատ կը զարմանան, երբ կու գանք այստեղ, մէկ ամիս կը մնանք: Իրենց համար ատիկա ապշեցուցիչ է: Հոլանտայի մէջ շատ կը պակսի մարդոց պարզութիւնը, իրար օգնութեան ձեռք մեկնելը: Հարեւանները իրարու տուն չեն երթար, չեն մտերմանար, իսկ այստեղ կարծես բարեկամներ ըլլան իրարու:
Շատ-շատ լաւ է Հայաստանը, կ’ուզեմ գալ այստեղ ապրելու: Երբ Եռաբլուրի, Ծիծեռնակաբերդի մէջ կը լսէի իմ ժողովուրդի պատմութիւնը, անցած ճանապարհը, մարմինովս դող անցաւ, նոյնիսկ չէի կրնար լալ, կարծես սառած էի: Մեծհայրս նոյնպէս մասնակցած է Արցախեան հերոսամարտերին, շատ կը պատմէ մեզի այդ ամէնուն մասին:
Յովհաննէս Գէորգեան, 13 տարեկան, Նիժնի Նովգորոդ
Ամէն տարի կու գամ Հայաստան, այստեղ մեծմայրս ու մեծհայրս կ’ապրին, ունին հողատարածք, իրենց կ’օգնեմ այդտեղի գործերուն մէջ: Շատ մեծ սիրով կ’ընեմ, քանի որ իմ երկրի հողն է, կարծես կարօտս այդպէս կ’առնեմ:
Այս ծրագիրին մասին գիտցած եմ հայրիկիս ընկերոջմէն, շատ կը ցանկայի դարձեալ Հայրենիքս տեսնել, դիմեցի եւ արդէն այստեղ եմ: Ամէնէն շատ սիրեցի Նորավանքը` իր երկար ճանապարհով, բնութեամբ, եկեղեցիով: Եռաբլուր առաջին անգամ կ’այցելէի ու եւս մէկ անգամ հպարտացայ իմ հայ ըլլալով:
Յակոբ Քեշկերեան, 17 տարեկան, Լիբանան
Առաջին անգամ կ’այցելեմ Հայաստան: Շատ լաւ է, որ այս ծրագիրին միջոցով կրնանք գալ Հայրենիք, այցելել հիասքանչ վայրեր: Եղանք Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի մէջ. ուրախ եմ, որ իմ հոգիի պարտքը կատարեցի` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հայ զոհուած հերոսներուն յիշատակին:
Ծրագիրին շատ պատահական մասնակցած եմ. երբ դպրոցը աւարտեցի գերազանց, ինծի իմ դպրոցս, որպէս նուէր, ուղարկեց այստեղ: Մեզի շատ կը պատմեն հայերու մասին` իրենց հզօրութեան, քաջութեան, նաեւ շատ գիրքեր կը կարդանք: Չեմ առանձնացներ ոչ մէկուն եւ ոչ մէկ տեղ: Իմ Հայրենիքը գանձ է, որ շատերս չենք գնահատեր կամ միայն հեռանալէ ետք կ’արժեւորենք:
Պատրաստեց Մելինէ Յովհաննիսեան