«Արի Տուն-2016». Ակնթարթներ Առաջին Փուլէն

Արդէն 5 օր է, որ մեկնարկած է «Արի տուն» ծրագիրի 2016թ առաջին փուլը: Ծրագիրի մասնակիցները կը շարունակեն իրենց ճանաչողական այցը Հայաստանի տեսարժան վայրեր, կ’ունենան հանդիպումներ եւ ի հարկէ կը մասնակցին հայերէնի դասընթացներուն:
Ծրագիրի առաջին փուլին կը մասցնակցին 42 պատանիներ ու աղջիկներ, որոնցմէ 20-ը` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր են, 22 մասնակիցները` ՌԴ-էն, Պելառուսէն, Թուրքմէնստանէն եւ ԱՄՆ-էն: Արիտունցիներու տպաւորութիւններն ու պատմութիւնները «Հայերն այսօր»-ը պարբերաբար կը ներկայացնէ: Կը ներկայացնենք նաեւ այս օրերու յիշարժան պահերը` առանց մեկնաբանութեան: