«Օրը Ինծի Համար Յիշարժան Էր, Որովհետեւ Ես Սփիւռքի Նախարարին Նուիրեցի Իմ Ձեռքովս Պատրաստած Փոքրիկ Քանդակը». Մարիամ Անդրէասեան

Ամէն անգամ «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն հետ կատարած հարցազրոյցներուս ընթացքին կը համոզուիմ, որ անոնց գերակշիռ մասը իր հոգիի խորքին մէջ Հայրենիքի կարօտը ունի, որ երկար  սպասած է Հայրենիքի հետ առաջին կամ ալ` հերթական հանդիպման, որ իր ապագան կը կապէ Հայաստանի հետ, որ հայերէ՛նն է իրեն համար աշխարհի ամենագեղեցիկ ու ճոխ լեզուն, որ Հայաստանի մէջ իւրայատուկ ջերմութիւն  զգացած է, որ «Արի տուն» ծրագիրի շնորհիւ շատերը կրցած են  ոչ միայն ծանօթանալ Հայրենիքի պատմամշակութային յուշարձաններուն, սորվիլ հայոց լեզու` աւելցնելով հայերէնի բառապաշարը, այլեւ ` շփուիլ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած իրենց հասակակիցներուն հետ, նոր ընկերներ ձեռք բերել: «Հայերն այսօր»-ի համար հերթական հարցազրոյցս Իսրայէլէն եկած 16-ամեայ Մարիամ Անդրէասեանի եւ անոր մօր` Լիանա Հարոյեանի հետ էր, որոնք «Արի տուն-2016» 7-րդ փուլի ճամբարային առօրեայի փակման արարողութեան ընթացքին կիսուեցան իրենց տպաւորութիւններով:

Մարիամ Անդրէասեան, Իսրայէլ, Մոտինի, 16 տարեկան

-Ծնած եմ Երեւան, 6 տարեկան  եղած եմ, երբ մեր ընտանիքը տեղափոխուած է Իսրայէլ. ես մէկ քոյրիկ ունիմ, որ նոյնպէս կը մասնակցի այս ծրագիրին: Հայրիկս  լսած է «Արի տուն» ծրագիրին մասին, պատմած է մեզի, ես ու քոյրս ալ ցանկութիւն յայտնած ենք մասնակցելու. մենք Հայաստանի տեսարժան վայրերը շատ այցելած ենք , սակայն մեզի համար հետաքրքիր էր նոյն տեղերը այցելել նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ծրագիրին մասնակցող մեր հասակակիցներուն հետ: Այսօր ինծի համար յիշարժան է, որովհետեւ ես ՀՀ սփիւռքի նախարարին նուիրեցի ճամբարային առօրեային ընթացքին քանդակի հետաքրքիր դասընթացքի ժամանակ իմ ձեռքովս պատրաստած աշխատանքս: Չորրորդ անգամ կու գամ Հայաստան, մենք այստեղ շատ հարազատներ ունինք, հրաշալի օրեր կ’անցնենք նաեւ բարեկամներու միջավայրին մէջ: Ծրագիրի ծիրէն ներս  շատ հաւնեցայ հայոց լեզուի դասընթացքը, որուն շնորհիւ աւելցած է իմ բառապաշարս. ըսեմ, որ մեր ընտանիքը հայախօս է ու աւանդապահ: Աւելի հետաքրքիր է ճամբարային առօրեան: Շատ կը ցանկայի, որ Սփիւռքի մէջ աւելի յաճախ ելոյթ ունենային հայ երգիչները, հայկական պարախումբերը, ներկայացումներ բեմադրուէին:

Լիանա Հարոյեան, Իսրայէլ, Մոտինի. Մարիամ Անդրէասեանի մայրը

-Ես եւ ամուսինս 10 տարի է, որ մեր ընտանիքով կ’ապրինք Իսրայէլի մէջ, ուր կ’ապրէր ամուսնուս մեծմայրը: Երկուքս ալ` թէ՛ ես, թէ՛ Սերոբը, լեռնադահուկորդներ ենք (այնտեղ գրեթէ ձիւն չըլլար, կլիմայական պայմանները այդ մարզաձեւին համար նպաստաւոր չեն), սակայն Իսրայէլի մէջ մեր մասնագիտութեամբ չենք աշխատիր: Հայաստանը մեր տունն է, ուր յաճախ կու գանք. այստեղ են մեր հարազատները, մեր ընկերներն ու ծանօթները: Հայրենիքէն երթալով` մենք չենք հեռացած անոնցմէ: Ապրելով Իսրայէլի  փոքրիկ քաղաքի մը մէջ, ուր հայեր չկան, եւ տեղի բնակիչները չեն գիտեր հայերուն, եւ մենք մեր ներկայութեամբ կը փորձենք անոնց ծանօթացնել հայերու ու Հայաստանի հետ: Թէեւ Հայաստանի մէջ չենք ապրիր, սակայն մեր երեխաներու շուրթերուն կ’ապրի հայոց լեզուն, որովհետեւ տունին մէջ մենք կը խօսինք ոսկեղինիկ հայերէնով: Ուրախ եմ, որ կայ այսպիսի հետաքրքիր ծրագիր, որուն կը մասնակցին մեր երկու աղջիկները: Քանի մը դիտարկում ունիմ` ցանկալի է, որ թանգարաններուն մէջ անպայման ըլլան  ուղեվարներ, եղած պարագային ալ` խօսին դանդաղ ու աւելի պարզ հայերէնով. շատ երեխաներ լաւ չեն հասկնար հայերէն, ուստի ճիշդ կ’ըլլայ, որ բացատրութիւնները տրուին նաեւ անգլերէն լեզուով: Երբ Մարիամը եկաւ Պատմութեան թանգարանէն, հիացած էր ցուցադրութեամբ, սակայն բացատրութիւնները եղած էին խիստ գրական եւ շատերուն համար ոչ մատչելի բառապաշարով: Հրաշալի է կազմակերպուած ճամբարային առօրեան. ես եւ ամուսինս մօտակայքը գտնուող հիւրանոցի մը մէջ կը մնանք եւ գրեթէ ամէն օր կը հանդիպինք մեր երեխաներուն, մօտէն կը տեսնենք ճամբարի առօրեան: Շնորհակա՛լ ենք կազմակերպիչներուն:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up