«Արի Տուն-2014». Վարսիկ Եւ Մարիամ Պապոյեաններ. «Երբ Աւարտէ «Արի Տուն»-ը, Շատ Պիտի Տխրինք…»

Այս  գեղեցկադէմ  հայուհիները, ովքեր իրենց մասնակցութիւնը բերած են ծրագիրին ՌԴ Կրասնոյարսկ քաղաքէն, հերթական շրջայցի  ամբողջ  ճանապարհին հանրակառքին  մէջ  անդադար կը պարէին եւ ընկերներուն ոգեւորուած պարի կը հրաւիրէին: Ակնյայտ էր, որ անոնք մերուած են հայկական միջավայրին եւ  յատկապէս` մասնակից  ընկերներուն: Իրենց տպաւորութիւններով  անոնք  կիսուեցան  մեզի հետ:

Քոյրերու  ոգեւորութիւնն  ու  ուրախութիւնը  մեծ  է, որ կը մասնակցին  այս ծրագիրին: Կ’ըսեն`  շատ սիրած են  Հայաստանը. այստեղ մարդիկ, ի տարբերութիւն այնտեղի, շատ ջերմ, սրտաբաց եւ ուրախ են:  Իսկ ծրագիրին որոշած են մասնակցիլ իրենց ծանօթի խորհուրդով: «Որոշեցինք մասնակցիլ, քանի որ շատ շատոնց չէինք եկած Հայաստան: Այժմ, երբ  արդէն մեր հայրենիքի մէջ ենք, ծրագիրի շնորհիւ շատ բացայայտումներ ըրինք, պատմական գեղեցիկ վայրեր այցելեցինք, որոնց մասին լսած էինք միայն: Յատկապէս հաւնած ենք Գառնին, Գեղարդը»-ըսին քոյրերը: Քոյրերէն Վարսիկը իր խօսակցականին մէջ արդէն դրական տեղաշարժ կը նկատէ. սկիզբը միայն ռուսերէնով  կը խօսէր մարդոց հետ, իսկ հիմա մայրենի լեզուով խօսիլը կը գերակշռէ, ինչ որ շատ կ’ուրախացնէ իրեն:

Հայկական ճաշատեսակները հաւնած  են, պահքի տոլման  առաջին անգամ համտեսած են, որ բացայայտում մըն էր իրենց համար, իսկ քաղցրահամ սուջուխը, ինչպէս իրենք նշեցին, անփոխարինելի համ ունի:

Խանդավառութեամբ կը պատմեն իրենց արդէն ամուր եւ մտերմիկ դարձած  ընկերութեան մասին, որ հասցուցած են ձեւաւորել միւս մասնակիցներուն հետ. «Չէինք պատկերացներ, որ այսքան շուտ կը մտերմանանք, բոլորս կը հասկնանք  եւ կը յարգենք իրար, խոստացած ենք, որ ծրագիրէն վերջ ալ պիտի շարունակենք կապ պահպանել, հեռախօսահամարներով փոխանակուած ենք, համացանցով եւս խօսելու հնարաւորութիւն կ’ունենանք, նոյնիսկ պայմանաւորուած ենք յարմար առիթի պարագային հիւր երթալ իրար: Մէկ խօսքով, երբ աւարտէ «Արի տուն»-ը,  շատ պիտի տխրինք, չենք ուզեր վերջանայ այս ամէնը»,- յուզմունքով  ըսին քոյրերը:

                                                                                                                      

Գէորգ  Չիչեան  

Scroll Up