Քեսապ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վերաօծումը Եւ Աստուածածնայ Տօնի Նշում
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, շաբաթ, 16 օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Քեսապի Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը, ապա` եկեղեցւոյ խորանի սրբապատկերի օծումն ու կիրակնամուտի ժամերգութիւնը: Սրբազան հայրը իր քարոզին ընդմէջէն մխիթարական խօսքերով յուսադրեց ներկաները: Հաւատացեալ ժողովուրդը ուրախութեան եւ յոյսի արցունքներով ունկնդրեց քարոզն ու հոգեպարար արարողութիւնը: Աւարտին տեղի ունեցաւ աղի օրհնէք եւ ոչխարներու զենում: Այնուհետեւ երիտասարդները աշխատանքի լծուեցան մինչեւ առաւօտ` տօնական մթնոլորտի մէջ պատրաստելու աւանդական հերիսան:
Կիրակի, 17 օգոստոս 2014-ի առաւօտեան Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Քեսապի հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը` հետեւեալ բնաբանով. «Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ»: Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն, հոծ բազմութեան ներկայութեան: Սրբազան հօր պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտան Քեսապի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ հոգեպարար արարողութիւնները:
«Ազդակ»