Նոր Գիւղի Մէջ Փուլ Եկաւ Շէնք Մը. Արձանագրուած են Զոհեր Եւ Տասնեակ Վիրաւորներ
Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել Նոր Գիւղի խաղաղ բնակչութիւնը։
Այսօր 8 հրթիռներ ինկած են Նոր Գիւղի վրայ, որուն հետեւանքով փուլ եկած է շէնք մը։ Բնակարաններու նիւթական ահաւոր վնասներուն կողքին, արձանագրուած է 4 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ։
Նշենք, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակաբար կը հրթիռակոծեն Նոր Գիւղի խաղաղ բնակչութիւնը՝ առանց խնայելու նոյնիսկ տարեցներն ու երեխաները։
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: