Դարձեալ Հայ Զոհեր Հալէպի Մէջ

Օգոստոս 9-ի երեկոյեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէն Նոր Գիւղի շրջանին վրայ արձակուած կազի պայթուցիկ տակառի պայթումին պատճառով օրին զոհուեցան Մելքոն Պալեանն ու Յարութիւն Սարգիսեանը. արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ եւ նիւթական լուրջ վնասներ: Այս մասին yerakouyn-ին կը յայտնէ “Գանձասար”-ի գլխաւոր խմբագիր՝ Զարմիկ Պօղիկեան։

Նոյն օրը, ժամեր անց իր մահկանացուն կնքեց նաեւ վերոյիշեալ պայթումին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած Ժիրայր Պալեանը՝ զոհուած Մելքոն Պալեանի եղբայրը:

Զոհուած հայորդիներու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 10 Օգոստոս-ին, Նոր Գիւղի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

www.yerakouyn.com

Scroll Up