Արցախի Մէջ Մեկնարկեց Ասմունքի Համահայկական Փառատօնը
Օգոստոս 5-ին Արցախի Շուշի քաղաքին Մէջ «Իմ Հայաստան» համահայակական փառատօնի ծիրէն ներս մեկնարկեց «Իմ Հայաստան» խորագիրը կրող ասմունքի օրերու ձեռնարկը, որուն կը մասնակցի 87 պատանի եւ աղջիկ Լիբանանէն, Իրանէն, ԱՄՆ-էն, Վրաստանէն, Սուրիայէն, Արցախէն եւ Հայաստանէն:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունով մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Արմէն Անդրէասեան` մաղթելով անմոռանալի օրեր հայկական 2-րդ հանրապետութեան մէջ:
Օգոստոս 5-6 բոլոր տարիքային խումբերը մասնակցեցան փառատօնի մրցութային փուլին` ներկայացնելով հայազգի գրողներու ստեղծագործութիւններ:
Օգոստոս 7-ին փառատօնի ժիւրին ամփոփեց մրցոյթի արդիւնքները: