Համերգ` Նուիրուած Լոս Անճելըսի «Զուարթնոց» Պարային Համոյթի Ստեղծման 25 Ամեակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/images8.jpg)
Յուլիս 27-ին ժամը 19:00-ին «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Օփերայի եւ պալէի ազգային ակատեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ Լոս Անճելըս քաղաքի «Զուարթնոց» պարային համոյթի ստեղծման 25 ամեակին նուիրուած համերգ:
Համոյթը (գեղարուեստական ղեկավարներ` Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեաններ) երեւանեան հանդիսատեսին պիտի ներկայանան ազգային պարերու նոր բեմադրութիւններով:
«Զուարթնոց» պարախումբը ստեղծուած է 1989թ.` Վարդան Աղաճանեանի կողմէ: Խումբը իր համաժողովրդական սէրն ու ճանաչումը ձեռք բերած է հայազգի հնագոյն պարերու պահպանման եւ կատարման շնորհիւ: Առաջին համերգը կայացած է 1991թ. մարտ 17-ին Կլէյնտէլի մէջ:
Տասնամեակներուն ընթացքին, հաւատարիմ մնալով հայկական ազգային պարարուեստի ակունքներուն, խումբի համերգային ծրագիրին մէջ պիտի ներկայացուին ծիսական, աշխատանքային, քնարական, ռազմական, կատակային եւ այլ բնոյթի պարեր:
Պարախումբը մասնակցած է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական փառատօնին, տարբեր տարիներուն այցելած է Հայաստան, ելոյթներ ունեցած Երեւանի, Սպիտակի, Չարենցաւանի, Հրազդանի, Աբովեանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Արմաւիրի մէջ:
«Զուարթնոց» պարային համոյթը հայ պարարուեստը ներկայացուցած է Սան-Ֆրանսիսքօ, Ֆրեզնօ, Սան Տիեկօ, Տիթրոյտ եւ Լաս Վէկաս քաղաքներուն մէջ, խումբը մասնակցած է նաեւ Մալթայի մէջ կայացած ժողովրդական պարերու միջազգային մրցոյթ-փառատօնին եւ արժանացած է գլխաւոր մրցանակին: Մոնրէալի մէջ մասնակցած է քանատահայ համայնքի կազմակերպած մշակութային փառատօնին: Համոյթը մենահամերգներ ունեցած է նաեւ Նիւ Մեքսիքոյի, Արիզոնայի նահանգին մէջ, Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին եւ Մեքսիէայի մէջ: