Քեսապի Մէջ Անյայտացած Շանթ Յովհաննէսեանը Զոհուած Գտնուած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/shant1.jpg)
Հալէպի թէժ մարտերու ժամանակ, Հալէպաբնակ Շանթ Յովհաննէսեան իր կնոջ եւ երեխայի հետ կը տեղափոխուի Քեսապ՝ աւելի ապահով ըլլալու համար:
Մարտ 21-ին Քեսապի վրայ յարձակման ժամանակ, ան իր կինն ու երեխան կը դնէ Լաթաքիա տեղափոխող հանրակառքի մը մէջ եւ ինք Քեսապ կը մնայ:
Մօտ չորս ամիսէ ի վեր Շանթի մասին տեղեկութիւններ չկային: Միայն օրեր առաջ, անոր անշնչացած մարմինը գտած է իր կինը, իրենց տան բակին մէջ նոր յայտնուած բլուրին տակ թաղուած։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին Շանթի հարազատները։
Մասնագէտները յայտնած են, որ Շանթ Յովհաննէսեան սպաննուած է 100 օր առաջ, բերնի մէջ ստացած կրակոցի հետեւանքով։
Շանթ Յովհաննէսեանի հարազատները, Յուլիս 22-ին Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կազմակերպեցին հանգուցեալի հոգիի խաղաղութեան համար։
www.yerakouyn.com