Մեկնարկեց «Արի Տուն» Ծրագիրի 5-րդ Փուլը

Յուլիս 21-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014թ ծրագիրի 5-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ ձեր երազանքը իրականութիւն է դարձել եւ դուք արդէն հայրենիքում էք: Այն օրերը, որ անցկացնելու էք Հայաստանում, անմոռաց են լինելու, շարունակուելու է կապը նոր ընկերների հետ, ցանցը մեծանալու է: Շատ եմ ուզում, նաեւ խնդրում եմ ու պահանջում, որ հայերէն սովորէք: Մեր լեզուն միայն մերն է, ի տարբերութիւն, ասենք անգլերէնի, որով նաեւ բազմաթիւ այլ ազգեր են հաղորդակցւում, ոչ մի ուրիշ ազգ հայերէն չի խօսում: Հայերէնը մեր ինքնութեան խորհրդանիշն է: Ես կ’ուզէի, որ այս 14 օրը շփուէիք միայն հայերէնով: Ես հաւատում եմ, վստահում եմ ձեզ»:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներու ծնողներուն եւ հիւրընկալ ընտանիքներուն վստահութեան, համագործակցութեան համար:
Աւանդոյթի համաձայն նախարարը «Արի տան» շապիկ հագցուց ծրագիրի ամենակրտսեր մասնակիցին, 13 ամեայ, մոսկուաբնակ Արման Ստեփանեանին:
Ելոյթ ունեցան Էրեբունի վարչական շրջանի պատասխանատու Նելլի Մանուկեանը, Լիպեցկի կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Նառա Վարդանեանը:
Իրենց կատարումներով ներկաներուն ողջունեցին Լիպեցկէն Գայիանէ Ասատրեանը, «Կռունկ» խումբը: Դոնի Ռոստովէն Արթուր Գիվարգիզեանի երգի հնչիւններու ներքոյ արիտունցիները շուրջպար բռնեցին:
Ծրագիրի 5-րդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են 185 պատանիներ եւ աղջիկներ Ռուսաստանի Դաշնութենէն,Հոլանտայէն, Պելճիգայէն, Լիբանանէն, Վրաստանէն, Չեխիայէն, Սուրիայէն, Ղազախստանէն, Սպանիայէն, Ուքրանիայէն,
Քանատայէն, Շուէտէն:
Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրերուն, կ’ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կ’առնեն Հայրենիքի մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Նախորդ փուլերուն նման այս փուլին եւս կը նախատեսուի 4-օրեայ ճամբարային ծրագիր Ծաղկաձորի մէջ: