Բոլոր Անոնց, Որոնք Մտահոգուած Են Նոր Հալէպ Թաղամասի Ճակատագիրով

Նոր Հալէպ թաղամասի գաղափարը եւ տեղի ընտրութիւնը կատարուած է սուրիահայերու կողմէ: 600-է աւելի սուրիահայ ընտանիքներ ցանկութիւն յայտնած են բնակարան ունենալու հէնց այդ թաղամասին մէջ: ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ լուծուած են հողատարածքի (մօտ 5 հա) անվճար յատկացման, ինչպէս նաեւ նախագծային աշխատանքներու հարցերը: Բնակարանները սուրիահայերուն առաւել մատչելի դարձնելու նպատակով սկսած է հանգանակութիւն, եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի մէջ բացուած են հաշուեհամարներ: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի բանակցութիւններու արդիւնքով «Գրանդ Հոլդինգ» ընկերութեան նախագահ, երջանկայիշատակ Հրանդ Վարդանեանը նուիրաբերած է 100.000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք գումար, որ փոխանցուած է նշուած ՀԿ-ի հաշուեհամարին: «Գրանդ Հոլդինգ» ընկերութեան ղեկավարի նուիրաբերած գումարը միակ խոշոր նուիրատուութիւնն է: Եւս մէկ անգամ կը դիմենք բոլորին` խնդրելով ներդրում կատարել Նոր Հալէպի կառուցումը իրականացնելու համար: Բոլոր անոնք, որոնք անհանգստացած են ծրագիրով, կը խնդրենք փոխանցումները կատարել հետեւեալ հաշուեհամարներով.
ACBA-CREDIT AGRICOLE BANK
220413350095000 AMD
220413350046001 USD
220413350046002 EUR
220413350038958 RUR