«Իմ Հայաստան-2014». Պիայնայի Հայաստանեան Ճամբորդութիւնը

Պիայնա Պապլանեան Քոււէյթի «Շաքէ» պարախումբի պարուհիներէն է: Կենսուրախ, ժպտադէմ աղջիկ մը, որ կարծես պարախումբի հոգին ըլլար: Անոր հետ ծանօթացայ Արցախ ուղեւորութեան ժամանակ, ուր կը մեկնէին «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակիցները: Երկար ճանապարհի յոգնածութիւնը կը մեղմանար հիմնականին մէջ անոր շուրջը հիւսուող  զրոյցներով, կատակներով:

Պիայնայի ընտանիքը Իրաքէն է, սակայն 1991 թուականէն Քոււէյթ կ’ապրին: Յաճախած է Քոււէյթի ազգային վարժարանը, այս տարի  համալսարան աւարտած է. Գործարարութիւն մասնագիտութեամբ: 7 տարի է` կը պարէ «Շաքէ» պարախումբին մէջ, որ առաջին անգամ  ելոյթ կ’ունենայ Հայաստանի մէջ.

«Հայաստանեան օրերը շատ լաւ կ’անցնին, հպարտ ենք, որ կը մասնակցինք այս փառատօնին, կը ծանօթանանք մեր հասակակիցներուն հետ, անոնց պարերը կը տեսնենք: Հասցուցած ենք մտերմանալ քանատահայերու, աւստրալահայերու, լիբանանահայերու եւ այն մասնակիցներու հետ, որոնց հետ ճանապարհ կ’երթանք,-ըսաւ Պիայնան:

Արցախ Պիայնայի առաջին այցելութիւնը չէր: Պատմեց, որ շատ փոքր տարիքին այցելած  է եւ համարեայ ոչինչ չի յիշեր.

«Շատ սիրուն էր Արցախի ճամբան, լեռները, կանաչութիւնը, ամէն բան հրաշալի էր:  Քոււէյթի մէջ նման բաներ չկան, միայն աւազաբլուրներ են: Ափսոս, որ Արցախի մէջ շատ չի կրցանք շրջիլ: Փառատօնեան օրերը շատ յագեցած կ’անցնին, եւ հիմնական ժամանակը հանրակառքերու մէջ, ճանապարհին կ’անցնենք. կ’երթանք նախատեսուած քաղաքը, կը պարենք ու դարձեալ կը վերադառնանք: Եթէ ժամանակ ըլլայ ու յոգնած չենք, կրնանք տեսարժան վայրեր այցելել: Եւ կը կարծեմ, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր վայրն ալ աղուոր է»,-ըսաւՊիայնան:

Պիայնայի հայաստանեան ճամբորդութիւնը փառատօնեան օրերով չաւարտեր: Ան կայացուցած է իր կեանքի թերեւս ամենախիզախ, ամենակարեւոր որոշումներէն մէկը. «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) ծրագիրի օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ պէտք է մնայ եւս երկու ամիս` աշխատելու նպատակով.

«Այդ ամիսները ինծի պիտի օգնեն ծանօթանալու հայաստանցիներու հետ, տեսնելու, թէ ինչպիսին են Հայաստանի մէջ  աշխատանքային պայմանները: Հայաստան շատ այցելած եմ հանգիստ կը վերաբերիմ որոշ դժուարութիւններու նկատմամբ: Թէեւ քիչ մը վախ ունիմ, թէ ուր, ինչպիսի մարդոց հետ պիտի աշխատիմ, բայց կը սիրեմ նոր բան փորձել:

Հայաստանի մէջ  շատ լաւ կը զգամ: Ու եթէ այս ամիսներուն ընթացքին ամէն ինչ յաջող ըլլայ, եթէ կարենամ մշտական գործ գտնել` կը մնամ այստեղ: Գիտեմ, որ շատ դժուարութիւններ կան, բայց համոզուած եմ, որ միասին կը յաղթահարենք ու ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ»,-ըսաւ Պիայնան:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up