Նամակ Քեթրին Էշթընէն` Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/Без-имени-12.jpg)
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ նամակ մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ, միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընէն, ի պատասխան յանձնախումբի 6 յունիս 2014 թուակիր նամակին, ուր յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած էր Սուրիոյ հայ համայնքի ճակատագիրին, Քեսապի դէմ յարձակումին, Սուրիոյ տագնապին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան եւ պատերազմին մէջտեղ գտնուող կրօնական, ազգային խոցելի համայնքներու իրավիճակին մասին:
Ստորեւ` նամակին բովանդակութիւնը:
Եւրոպայի արտաքին գործերու ծառայութիւն
Հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի, Արաբական թերակղզիի, Իրանի եւ Իրաքի գլխաւոր տնօրէնութիւն
Միջին Արեւելքի բաժանմունք 1. Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա
Բաժնի տնօրէն
Պրիւքսէլ, 03.07.2014
Սիրելի՛ պրն. Կարապետեան,
Շնորհակալութիւն ձեր 6 յունիսի նամակին համար` ուղղուած բարձր ներկայացուցիչ տիկին Էշթընին, ուր անդրադարձած էք սուրիահայութեան կացութեան: Ան իր անունով ինձմէ խնդրեց պատասխանել ձեզի:
Եւրոպական Միութիւնը կը կիսէ ձեր մտահոգութիւնը սուրիահայութեան ծանր կացութեան վերաբերեալ, յատկապէս անմեղ քաղաքացիներու, որոնք ծայրայեղ ուժերու թիրախը դարձած են:
Ես նոյնպէս տեղեակ եմ Քեսապի եւ շարք մը այլ բնակավայրերու վրայ կատարուած յարձակումներու մասին: Ես միշտ աջակցած եմ Եւրոպական Մութեան հետեւողական քաղաքականութեան, որ ներկայացուած է Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ արտաքին գործերու խորհուրդի Սուրիոյ մասին եզրակացութիւններու մէջ` դատապարտելով իւրաքանչիւր յարձակում Սուրիոյ քաղաքային բնակչութեան վրայ: Վերջերս, Եւրոպական Միութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց իր խստացող անհանգստութեան մասին` Սուրիոյ խոցելի խումբերուն, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վատացող իրավիճակին մասին:
Եւրոպական Միութիւնը բազմիցս մատնացոյց ըրած է Քայիտայի եւ անոր յարակից խմբաւորումներու վտանգաւոր ըլլալը Միջին Արեւելքի կայունութեան համար: Եւրոպական Միութիւնը կ’աշխատի շրջանի բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի սահմանափակէ նման խմբաւորումներու ազդեցութիւնը` կոչ ուղղելով դադրեցնելու անոնց ցուցաբերուած օժանդակութիւնը: Մենք յստակ որոշած ենք` համագործակցիլ երրորդ երկիրներու հետ, նպատակադրելով ահաբեկչութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարը:
Խնդրենք վստահ եղէ՛ք, որ մենք պիտի շարունակենք մեր ունեցած միջոցներով մեր բոլոր ջանքերը գործադրել` պայքարելու համար ծայրայեղականութեան դէմ, եւ մեծ եռանդով օժանդակելու Սուրիոյ մէջ տարբեր ազգային եւ կրօնական խումբերու միացեալ եւ խաղաղ գոյատեւումին:
Յարգանքներով`
Վասիլիս Պոնտոսօղլու