ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան 80-Ամեայ Յոբելեանին Նուիրուած Հանդիսութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/g_image5-300x225.jpg)
Յուլիս 4-ին Երեւանի Հ. Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան 80-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք, գրողներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն, այլ հիւրեր:
Արարողութիւնը սկսաւ ՀԳՄ նախագահ Էդ. Միլիտոնեանի խօսքով: Ան ներկայացուց ԳՄ պատմութիւնը եւ անոր դերը գրական-մշակութային կեանքի կազմակերպման, հասարակական-քաղաքական յարաբերութիւններու արտացոլման, պետական գաղափարախօսութեան ձեւաւորման հարցերուն մէջ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Ան բարձր գնահատեց ՀԳՄ դերը հանրապետութեան եւ հայութեան մշակութային կեանքին մէջ, նշեց այն դժուարին ճանապարհը, որմով տարբեր ժամանակներու մէջ անցած եւ այդ փորձութիւններուն պատուով դիմացած է ՀԳՄ-ը:
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ՀԳՄ մէկ տասնեակէն աւելի գրողներու պարգեւատրեց յուշամետալներով, իսկ ՀԳՄ-ը նուէր ստացաւ ծառայողական մեքենայ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մեկնեցան Ծաղկաձոր` մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման արարողութեան: ՀՀ սփիւռքի նախարարի խօսքը ներկայացուց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Նախարարը ոչ միայն բարձր գնահատեց եւ արժեւորեց միութեան աշխատանքը, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ հայ գրողներու ընելիքներուն վերաբերեալ իւրայատուկ ծրագրային առաջարկներ ներկայացուց:Իր խօսքին մէջ Հ. Յակոբեան մասնաւորապէս կարեւոր համարեց Հայոց ողբերգութեան ճանաչելիութիւնն ու տարածումը գեղարուեստական խօսքի միջոցով, իբրեւ առաւել ազդեցիկ ուղղիի: ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս. Սրապիոնեան, ընթերցեց նախարարի հրամանը, որմով ստեղծագործական ակնառու ձեռքբերումներու, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան նպաստելու համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրեց Բ.Գ.Դ փրոֆէսոր, գրականագէտ, հրապարակախօս Հենրիկ Բախչինեանը, իսկ հրապարակախօս, հրատարակչական գործի ճանաչուած մասնագէտ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ Սէյրանուհի Գեղամեանը` «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի Ողջոյնի խօսքը ընթերցեց նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան եւ ներկայացուց Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուածներու ցանկը: