Կը Պատմեն «Արիտունցիները»
Էլսիտա Մարաբեան, Վրաստան, Ախալքալակ,16 տարեկան-Հայաստան տեսնելն իմ ամենամեծ ցանկութիւնը եղած է. «Արի տուն» ծրագիրի շնորհիւ իրականացաւ այն: Հայաստանը շատ գեղեցիկ եւ հոգեհարազատ է ինծի համար: Մենք այցելեցինք Հայաստանի տեսարժան վայրերը` Օշական, Մուղնի, ՀԲԸՄ վիրտուալ քոլեջը Գառնի, Գեղարդ եւ շատ այլ գեղեցիկ վայրեր: Իմ բոլոր սպասելիքները «Արի տուն» ծրագիրէն իրականացան: Կը խոստանամ` ամէն տարի այցելել եւ վայելել հայրենիքս:
Շաքէ Աղա-Սարգսեան, ԱՄՆ, Ճորճիա-14 տարեկան-Հայաստանը չափազանց գեղեցիկ է: Ես շատ ուրախ եմ, որ այստեղ եմ եւ կրցայ ծանօթանալ իմ հայ ժողովուրդին հետ: Շատ ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ տեսնելու իմ հրաշք հայրենիքը: Շնորհակալութիւն «Արի տուն» ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն:
Արիանա Գրիգորեան, Մոսկուա, 15 տարեկան-առաջին հերթին կ’ուզեմ ըսել, որ, ցաւօք, չեմ կրնար լաւ խօսիլ հայերէն, հէնց այդ պատճառով ալ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին, որպէսզի սորվիմ իմ հարազատ լեզուն եւ իմանամ Հայաստանի պատմութիւնը: Այստեղ շատ անգամներ եղած եմ, եւ կրնամ ըսել, որ ոչ մէկ երկիր այսքան հետաքրքիր պատմութիւն չունի, ինչպէս Հայաստանը: Զարմացած եմ հայ ժողովուրդի ջերմ հիւրընկալութեան: Եղայ այնպիսի պատմական վայրերու մէջ, ինչպիսին Երեւանն էր, Գառնին, Աշտարակը եւ այլն: Իսկ եկեղեցիներէն այցելեցի Մայր Տաճար, Խոր Վիրապ, Նորավանք, Գեղարդ: Տակաւին մեզ կը սպասեն Սեւանն ու Ծաղկաձորը, ուր ճամբարային օրերուն պէտք է մասնակցիմ: Ես կը հաւատամ որ Հայաստանէն պիտի վերադառնամ մեծ տպաւորութիւններով եւ յոյսով եմ` պիտի կարենամ ծանօթանալ իմ երկրին, լեզուին եւ պատմութեան:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան