Արիտունցիները Յայտնած Են Հայրենիք Վերադառնալու Իրենց Պատրաստակամութիւնը

«Մեր արմատները թերեւս խորն են աւելի, քան բարձր է մեր սաղարթը:
Ով պատմութիւն ունի, չի կարող ետ չնայել,
ով անցեալ ունի, չի կարող յիշողութիւն չունենալ»:
Պարոյր Սեւակ
Օգոստոս 14-ին մեկնարկեց «Արի տուն-2017» ծրագիրի վերջին` 8-րդ փուլը, որուն կը մասնակցին շուրջ 70 պատանի ու աղջիկ Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Թուրքիայէն, Ռումանիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Լեհաստանէն, Արաբական Միացիալ Էմիրութիւններէն:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` օգոստոս 15-ին արդէն Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ մեկնարկեց «Արի տուն-2017» ծրագիրի 8-րդ փուլի Հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքը, որուն բացման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ տիկին Սիրվարդ Համբարեան: Ան ներկայացուց «Արի տուն» ծրագիրի առաւելութիւնները, ներկաներուն ծանօթացուց դասաւանդող ուսուցիչներուն, որոնք իրենց գործի նուիրեալներ են եւ կ’ընեն ամէն ինչ` մասնակիցներուն հայեցի դաստիարակութեան համար:
Դասընթացքին ուսուցիչներուն կողմէ կիրառուած են տարատեսակ մեթոտական աշխատանքներ` տառուսուցում, բանաւոր եւ գրաւոր խօսքը զարգացնող ուղղագրական- ուղղախօսական առաջադրանքներ, խաչբառեր, ոտանաւորներ, քերականական հանելուկներ, առած- ասացուածքներ, խաղ-առաջադրանքներ:
Ինքնատիպ անցած են եզրափակիչ դասերը:Մոսկուայի Վերածնունդ հայկական դպրոցի տնօրէն Շողիկ Փահլեւանեան նշեց, որ մեծ աշխատանք տարուեցաւ երեխաներուն հայկական արմատներուն մօտ պահելու եւ սնելու ուղղութեամբ: Ան իր երախտագիտութեան խօսքը յայտնեց Ռուսաստանէն ժամանած իր խումբի մասնակիցներուն ու յատկապէս անոնց ծնողներուն, որոնց շնորհիւ այսօր անոնք հայրենիքի մէջ են: Այդ խումբի անդամները գրաճանաչ չէին եւ չէին տիրապետեր մայրենի լեզուին, բայց ուշիմ ու հայրենասէր ըլլալով ` այդ դասընթացքին ժամանակ իրենց միասնական հրաժեշտի նամակին մէջ նշեցին, որ այն գիտելիքները, որոնք ստացան անոնք այսօր` իրենց հետ պիտի տանին եւ ալ աւելի պիտի զարգացնեն ու հարստացնեն իրենց բնակավայրերուն մէջ: Եզրափակիչ դասը երեխաները աւարտեցին տիկին Շողիկ Փահլեւանեանի «Ռուս- հայերէն զրուցարանի», «Անգլերէն-ռուսերէն-հայերէն զրուցարանի», «Հայկական երգերու ժողովածուի» եւ հայ մեծերու` Մայրենիին նուիրուած թեւաւոր խօսքերով, բանաստեղծութիւններով ու երգերով:
Հետաքրքիր անցած է ամփոփիչ դասը Լուսինէ Հայրիյեանի մօտ, ուր մասնակիցները հանդէս եկած են «Հայաստանի զարգացման ծրագիրները» խորագիրով հարցումին: Գայեանէ Բաբլոյան անցածը ամփոփեց հայրենագիտական հարցումներով, Այտա Օհանեան` «Ո՛րն է հայ ժողովուրդի գաղտնիքը» հարցադրմամբ բացաւ խումբի անդամներու ներաշխարհը, իսկ Մաքրուհի Գէորգեանի խումբին մէջ մասնակիցները Մայրենիով փորձած են զուգադրել իրենց երկիրներուն եւ Հայաստանի ընդհանրութիւններն ու տարբերութիւնները` ընդգծելով Հայաստանի առաւելութիւնները` յայտնելով հայրենիք վերադառնալու իրենց պատրաստակամութիւնը: Մայրենիի կարեւորութիւնը Սերա Շահինեան ապահոված է առած-ասացուածքներու գործածութեամբ:
Հրաժեշտէն առաջ բոլոր արիտունցիներն իրենց շնորհակալական խօսքը ըսին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի կազմակերպիչներուն, Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցի տնօրէն Անահիտ Խեչումեանին: Բոլորի ցանկութիւնն էր, որ «Արի տուն» ծրագիրը ըլլայ շարունակական, նորանոր առիթներ ընձեռնուին հայրենիք վերադառնալու եւ իրենց նպաստը ներդնելու հայրենիքը միասնաբար շէնացնելու գործին մէջ: Տեղին է մէջբերել Վ. Պելինսկիի խօսքերը. «Ով չի պատկանիր իր հայրենիքին, ան չի պատկանիր նաեւ մարդկութեան»: