«Ինծի Համար «Արի Տուն» Ծրագիրին Մասնակցիլը Կեանքիս Լաւագոյն Հեքիաթներէն Մէկը Իրականութեան Մէջ Տեսնելն Է». Մարիա Մկրտչեան
«Արի տուն-2016» ծրագիրի մասնակիցներուն համար յիշարժան են Հայաստանի մէջ անցուցած բոլոր օրերն ու ժամերը. այդ օրերէն են նաեւ մայրաքաղաքի Եղ. Չարենցի անուան թիւ 67 հիմնական դպրոցին մէջ հայոց լեզուէն ուսանած հետաքրքիր ու բովանդակալից դասերը, որոնց մասին ոգեւորութեամբ կը խօսէին 4-րդ փուլի մասնակիցները: Այդ եւ այլ թեմաներու շուրջ անոնցմէ քանի մը հոգիի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
Մարիա Մկրտչեան, Ս. Փեթերսպուրկ, 16 տարեկան
-Ինծի համար Հայաստան գալը կեանքիս լաւագոյն հեքիաթը իրականութեան մէջ տեսնելն է: Շատ լաւ տպաւորութիւններ ունիմ այս ծրագիրին մասին: Այցելած ենք Հայաստանի շարք մը տեսարժան վայրեր. ամէնէն շատ սիրեցի Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրը: Շատ խորհրդաւոր են Գառնիի տաճարն ու Գեղարդի վանական համալիրը: Եղ. Չարենցի անուան դպրոցին մէջ մասնակցեցանք հայոց լեզուի դասընթացներուն. ես գիտեմ հայերէնով գրել, կարդալ ու խօսիլ, սակայն դասընթացքի ընթացքին իմ գիտելիքներուս պաշարը աւելցաւ, քերականական կանոններ սորվեցայ, որպէսզի գրաւոր խօսքս անթերի ըլլայ: Շնորհակալ եմ ամէն ինչի համար: Ես այստեղ ստացայ այն ջերմութիւնն ու հոգատարութիւնը, որ միայն հարազատ մարդը կրնայ շրջապատել քեզ: Հրաշալի օդ, համեղ ջուր, բարի մարդիկ, նոր ընկերներ, գեղեցիկ քաղաք, պատմամշակութային յուշարձաններ, հիւրընկալ, ջերմ ընտանիք, շատ համեղ սնունդ….ալ ի՞նչ հարկաւոր է մարդուն լաւ զգալու համար: Շա՛տ շնորհակալութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն, ուսուցիչներուն, մեզի ուղեկցող ոստիկանութեան աշխատակիցներուն, մեզ փոխադրող հանրակառքի վարորդին, ուղեկցողին: Կը կարծեմ ` մեզի սպասող ճամբարային առօրեան եւս կ’անցնի նոյն հետաքրքրութեամբ: Նախորդ տարիներուն ծրագիրին մասնակցած մեր ընկերները այնքան տպաւորիչ ու վառ գոյներով ներկայացուցած են ճամբարային առօրեան, որ չեմ համբերեր, թէ երբ պէտք է տեղ հասնինք: «Արի տուն»-ը, իսկապէս, հայրենաճանաչութեան եւ մեր հասակակիցներուն հետ շփումներու հրաշալի հարթակ է:
Անահիտ Մարտիրոսեան, Ս. Փեթերսպուրկ, 15 տարեկան
-Ես 3 անգամ եկած եմ Հայաստան: Այստեղ տատիկ ու պապիկ ունիմ, որոնք կ’ապրին Աշտարակի մէջ: Աշտարակը շատ գեղեցիկ ու կանաչ քաղաք է` հարուստ այգիներով, քաղցրահամ միրգերով: Ճիշդ է, ես Հայաստան կու գամ, սակայն այսպիսի ծրագիրի, ուր աշխարհի տարբեր ծայրերէ երիտասարդներ, պատանիներ ընդգրկուած են, առաջին անգամ կը մասնակցիմ: Շատ կարեւոր կը համարեմ մեր շփումները, կարծիքներու փոխանակումը: Ինծի համար շատ տպաւորիչ էր այցելութիւնը զօրամաս, ուր կեանքիս մէջ առաջին անգամ ծանօթացայ իրական զինուորներու հետ. անոնք շատ զուսպ, համեստ, հայրենասէր տղաներ են, ու ես կը հաւատամ, որ մեր զինուորները կրնան պաշտպանել մեզ ու մեր Հայրենիքի սահմանները: Պատմամշակութային յուշարձաններէն ամէնէն շատ սիրեցի Գառնին ու Գեղարդը: Սորվեցանք հայերէն, Եղ. Չարենցի անուան դպրոցին մէջ տեղադրուած նպատակներու ու ցանկութիւններու ծառի ճիւղերէն կախեցինք մեր ցանկութիւններն ու Հայաստան գալու, յետագայի նպատակներուն մասին գրուած թղթիկներ, որոնք, յուսանք` իրականութիւն կը դառնան: Շնորհակալ եմ ամէն ինչի` օրուան ընթացքին համեղ սնունդով, հանգիստի լաւագոյն ժամերով, բովանդակալից ու հետաքրքիր ձեռնարկներով մեր այցելութիւնը առաւել յիշարժան դարձնելու համար: Կը սիրեմ քե՛զ, Հայաստա՛ն:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան