Եւրոպայի Մէջ Հոկտեմբերը «Արցախի Ամիս» Պիտի Հռչակուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/BPVarOzxKgpab1QTQLMjgoj6Bl.jpg)
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը 2014-ի հոկտեմբերը պիտի յայտարարէ «Արցախի ամիս»: Պելճիգայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Հայ դատի յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեան հետ գործակցելով պիտի իրականացուին տարբեր ձեռնարկներ եւ ցուցադրութիւններ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբէն:
Հայաստանի, Արցախի եւ այլ վայրերու արուեստագէտներու, մտաւորականներու ներկայութեամբ, ամբողջ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան գիրքերու շնորհանդէսներ, նկարչական եւ այլ ստեղծագործական ցուցադրութիւններ, շարժանկարներու ներկայացումներ: Ղարաբաղեան զինադադարի քսանամեակին առիթով, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը շրջանային յանձնախումբերու հետ, միջազգային հանրութեան եւ քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան պիտի ներկայացնէ, որ Արցախի հանրապետութիւնը այսօր կայացած ու ստեղծագործող պետութիւն է, որուն հետ պէտք է հաշուի նստին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումներ առաջարկող կողմերը:
1991թ. սեպտեմբեր 2-ին ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն նախկին ԼՂԻՄ եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններէն ներս:
1991թ. դեկտեմբեր 10-ին, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական անկումէն
ընդամենը քանի մը օր առաջ, Լեռնային Ղարաբաղին մէջ կայացաւ հանրաքուէ, որուն ընթացքին ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը` 99,89% արտայայտուեցաւ Ատրպէյճանէն լրիւ անկախանալու օգտին: Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացուցչութիւններ ունի Հայաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ: