Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Թաթուլ Յակոբեանի Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

5 նոյեմբերին Պոլսոյ «Ճեզայիր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Կանաչ ու սեւ» եւ «Հայերը եւ թուրքերը» գիրքերուն թրքերէն եւ անգլերէն հատորներու շնորհահանդէս-վաճառքը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Անատոլու Քիւլթիւր» կեդրոնի ղեկավար Օսման Քաւալա` համագործակցութեամբ «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Քոչունեանի:

Ներկաներուն Թաթուլ Յակոբեանի եւ անոր գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Քոչունեան: Ապա հեղինակը անգլերէնով հակիրճ կերպով ներկայացուց իր գիրքերուն բովանդակութիւնը, յատկապէս կարեւոր նկատելով Պոլսոյ այս շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին Պոլսոյ մէջ հրատարակուող հայկական թերթերու աշխատակիցներ, «Պի. Պի. Սի.»-ի թրքական ծառայութենէն լրագրող մը, ինչպէս նաեւ փորձագէտներ եւ դիւանագէտներ:

«Իւրաքանչիւր տագնապ ունի առնուազն երկու կողմ: Ես չեմ յաւակնիր ամէնէն անաչառ հեղինակի տիտղոսին, սակայն երկու գիրքերուն մէջ ալ փորձած եմ ներկայացնել փաստեր, իրադարձութիւններ` մեկնաբանութիւնները ձգելով ընթերցողին: Կը կարծեմ, որ թուրք ընթերցողը հետաքրքրութեամբ պիտի կարդայ այս հատորները, եւ նոր մանրամասնութիւններ պիտի յայտնաբերէ ինչպէս հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատմութենէն, այնպէս ալ արցախեան տագնապէն», ըսաւ Յակոբեան: Անոր ելոյթէն ետք եղան հարցում-պատասխաններ, ապա քննարկում ծաւալեցաւ:

Աւարտին Թաթուլ Յակոբեան մակագրեց իր նորատիպ հատորները:

Յայտնենք, որ Թաթուլ Յակոբեանի զոյգ գիրքերուն հովանաւորն է Մելքոն Յակոբեան:

 aztagdaily.com

Scroll Up