Նարեկ Դուրեան Ներկայացուց «Քոմա Նոստրա»-ն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/1114_nareg.jpg)
Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ելոյթ ունեցաւ Նարեկ Դուրեան` ներկայացնելով «Քոմա Նոստրա» մենախաղը, ուրբաթ, 14 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Քոմա Նոստրա» ներկայացումը նուիրուած է Նարեկ Դուրեանի ծննդեան 55 ամեակին:
Ներկայացումը կը սկսի շտապ օգնութեան մեքենայի մը մէջ, ապա Դուրեան կը սկսի պատմել իրեն հետ պատահածին մասին հիւմըրով ու հաճելի իրավիճակներ ստեղծելով: Բեմին վրայ արուեստագէտը ներկայացուց իր անցեալը. ան իրական կեանքէն առնուած պահերը ներկայացուց այնպիսի հարազատութեամբ, որ իւրաքանչիւր հանդիսատես կրցաւ ինքզինք տեսնել այնտեղ: Ուշագրաւ ու ազդեցիկ էր այն պահը, երբ խոր յարգանքով յիշեց իր ծնողները. անոնց դաստիարակութեան ազդեցութիւնը իր անձնաւորութեան եւ կեանքին վրայ:
Ան կատակերգութեան միջոցով յաջողեցաւ բարձրացնել մարդկային հասարակական բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, անդրադարձաւ նաեւ ազգային բազմաբնոյթ մտահոգութիւններու: Դուրեան անդրադարձաւ հայկական արժէքներուն եւ մշակութային կեանքին հետզհետէ աղաւաղման` պնդելով, որ այլ ազգերու կամ եւրոպական բարքերն ու սովորութիւնները իւրացնելէ հեռու պէտք է մնայ հայ ժողովուրդը: «Ծաղրածուներու թագաւոր ըլլալը լաւ բան է, բայց թագաւորին ծաղրածու ըլլալը ամօթ է», ըսաւ ան:
Խաղարկութեան ամբողջ ընթացքին ակնյայտ էր մատչելիութիւնն ու պարզութիւնը, որոնք կը կազմեն հիմնական յատկանիշները Դուրեանի արուեստին: