Living Hope Եւ ACMA Նպաստամատոյց Ծրագիրները Սուրիոյ Մէջ
Սուրիան իր հիմերը հարուածած դժխեմ պատերազմին աննախատեսելի անհակակշռելի եւ ցաւոտ հետեւանքներով ընկերային մեծ ողբերգութեան մը թատերաբեմ հանդիսացաւ…
Երկրին աշխարհաքաղաքական ողջ տարածքին վրայ արիւնահեղութիւններուն զուգահեռ, տեղահանութեան, գաղթականութեան, գործազրկութեան եւ աւեր ու աւարի իբրեւ հետեւանք ստեղծուած երեւոյթները դժուարացուցին կեանքի պայմանները, բազմաթիւ վայրերու մէջ, նոյնիսկ գոյատեւելու դոյզն պահանջները դարձան անհաս երազ…
Միջազգային թէ տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններ, հաստատութիւններ եւ կեանքի կոչուած պարագայական այլաբնոյթ «շտապներ», կը ջանան իրենց կարելին ընել` գէթ մեղմելու օրէօր աճող կենցաղային տագնապին գորշ երանգները…
Ծով կարիքներ… սահմանափակ օժանդակութիւն… կարելիութեան սահմաններու մէջ յոյսի կաթիլներու ներարկում…
Սուրիոյ աղէտահար ժողովուրդին օգնութիւն փութացնողներու շարքերուն մէջ կը յայտնուի նաե՛ւ եկեղեցական – բարեսիրական 17 միջազգային կազմակերպութիւններու համատեղութեամբ գոյացած կառոյց մը, որ յետ առարկայական ուսումնասիրութեան իր նպատակամէտ ծրագիրներու հետեւողական գործադրութեամբ, շուտով պիտի դառնար Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ, Ժարամանայի եւ Մաշթալ Հլուի մէջ օժանդակութիւններու բազմապիսի մնայուն ծրագիրներ իրականացնող նպաստամատոյց կառոյց, որուն գործունէութեան 65 տոկոսը կ՛իրականանայ Հալէպի մէջ :
Հալէպահայ հանրածանօթ վիրաբուժ տոքթ. Ճանի Հատտատ, վերոյիշեալ կառոյցին բաղկացուցիչ երկու կազմակերպութիւններու հիմնադիր նախագահն է …
ա ) « ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍ, ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ» (Living hope for family ministries), որ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, գրանցուած` Պէյրութ, 1996-ին, եւ կը գործէ եկեղեցական ծիրի մէջ, իր գործունէութիւնը ծաւալելով 15 երկիրներու տարածքին, որոնց կարգին` Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Սուտան, Իրաք, Յորդանան, Իրան, Փաքիստան, Հայաստան, Թուրքիա, Հոլանտա, Կիպրոս, Գերմանիա, Անգլիա եւ Արաբական ծոցի երկիրներ: Յատկանշական է բոլոր յարանուանութիւններու եւ համայնքներու գործօն մասնակցութիւնը «ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍ»-ի ծիրին մէջ, Միջին Արեւելքի բոլոր 58 եկեղեցիներու գործունէութեան, որ կ՛իրականանայ համագումարներով, դասընթացքներով, համապատասխան հրատարակութիւններով, ջանալով ներմուծել Աստուծոյ ներկայութեան խորհուրդին կարեւորութիւնը եւ անոր խօսքին ուժը մարդոց կեանքին մէջ:
բ) « ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ » ( ACMA – Armenian Christian Medical Association), որ Հայաստանի մէջ 192 կամաւոր աշխատող ունի, որոնց կարգին` բժիշկներ, ատամնաբուժներ եւ հիւանդապահուհիներ, որոնք անվճար բուժումի սկզբունքով եւ շարժուն բուժարանի հնարաւորութիւններով բժշկական գործունէութիւն կը ծաւալեն Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ, նուազագոյնը ամիսը երկու անգամ կ՛այցելեն մարզերը` իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով շտապ օգնութեան երկու մեքենայ, մինչ Գիւմրիի մէջ կամաւորներու վերապատրաստման աշխատանքներ կը տարուին :
ACMA-ն Սուրիոյ տագնապին լոյսին տակ Հայաստան ապաստանած աւելի քան 800 սուրիահայերու բժշկական խնամք կը տանի եւ անոնց կը հայթայթէ ուտեստեղէն եւ տաք հագուստներ:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պարբերաբար տեղի ունեցած նպաստաբաշխումի նմուշներ են, որոնք տեղի ունեցած են ներկայութեամբ՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի
Այս կազմակերպութիւնը բժշկական ծառայութիւն մատուցած է նաե՛ւ տարբեր ազգերէ Թուրքիա ապաստանած գաղթականներու, ինչպէս նաեւ` Սուտանի եւ Փաքիստանի մէջ:
15 քրիստոնեայ համայնքներ ունեցող Հալէպի մէջ «Living Hope » ը ցարդ իրականացուցած է հետեւեալ ծրագիրները`
1) «ԻՍԱՀԱԿԻ ԾՐԱԳԻՐ» ( Isaac Project 1 – 2013 ).- Այս եկեղեցիներու շրջափակէն ներս 20 ջրհորներ փորուած են, վատթարագոյն պարագային ջուրի մատակարարում կատարելու :
2) «ՅՈՎՍԵՓԻ ԾՐԱԳԻՐ» ( Joseh՛s Project ), որ տարբեր քրիստոնեայ համայնքներէ աւելի քան 3800 ընտանիքներու ամսական դրութեամբ սննդամթերք կը հայթայթէ:
3) «Ս. ՂՈՒԿԱՍԻ ԾՐԱԳԻՐ» ( S. Luke ).- բժշկական այս ծրագիրով ամէն ուրբաթ Մկրտական աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ բացուած բժշկական կեդրոնին մէջ անվճար կը կատարուին` հիւանդներու քննութիւն, շողանկարում եւ դեղորայքի հայթայթում:
4) «ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԾՐԱԳԻՐ» ( S. Paul՛s Project ).- պատերազմի այրիներու յատուկ ծրագիր մըն է, որ ամէն ամիս իր հերթական այցելութիւններով, 116 որբեր ունեցող, 52 ընտանիքներ ներկայացնող պատերազմի այրիներուն կը կատարէ նիւթական մնայուն յատկացում, զուգահեռաբար նոյն յատկացումը կատարելով 6 ընտանիքներու Հոմսի մէջ :
5 ) «ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ » ( Solomon՛s Project ).- Այս ծրագրին միջոցով 11 համայնքներէ 127 կարիքաւոր համալսարանականներու կը տրամադրուի մնայուն կրթանպաստ, զուգահեռաբար` որբերու եւ գաղթականներու յատկացուած նիւթական օժանդակութիւններ:
6 ) Այլաբնոյթ ծրագիրներ, ինչպէս` 156 նորածիններու բաշխուած խիստ անհրաժեշտ պիտոյքներու ծրարներ, կարիքաւորներու տրուած տաք հագուստեղէն, 2200 դպրոցական աշակերտներու ամանորեայ հագուստներու հայթայթում, չքաւոր աշակերտներու յատկացուած կրթանպաստներ, եւ այլն…
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել այն հանգամանքը, որ որ կատարուող բարեգործութեանց բաղկացուցիչ նուէրներու տուչութիւնը հերթական դրութեամբ կը կատարուի Հալէպի 15 համայնքներու պատկան եկեղեցիներուն մէջ, տուեալ համայնքապետին ներկայութեամբ:
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւս, ներկայութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, տեղի ունեցած է տարբեր օժանդակութիւններու տուչութիւն:
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Յատուկ «ԱԶԴԱԿ»-ին