Ֆրանսայի Մէջ Հայկական Ռատիօկայաններու Օգնութեամբ Կը Կազմակերպուի Հանգանակութիւն Սուրիոյ Հայերու Օգնութեան Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/2141461.jpg)
Հայկական հարցի ֆրանսական բիւրոն յունիս 28-ին կը կազմակերպէ ռատիօմարաթոն միջոցներ հաւաքելու համար` որպէս օգնութիւն սուրիահայերուն: Ծրագիրը, որն արդէն երրորդ անգամ կ’իրականացուի, պիտի հեռարձակուի Ֆրանսայի երեք հայկական ռատիօկայաններով` «AYP FM», «Radio Armռnie» եւ «Radio A»:
«Այն ժամանակ, երբ Սուրիոյ հայկական համայնքը ճայրահեղ իրավիճակի մէջ է, մենք պէտք է օգնութեան ձեռք մեկնենք, աջակցինք ու մեր միասնականութեան մասին յայտնենք»,- նշած են ռատիօմարաթոնի կազմակերպիչները` ընդգծելով, որ նմանատիպ հանգանակութիւն կազմակերպուած է 2013թ.-ի սեպտեմբերին, որուն մեծ թիւով մարդիկ մասնակցած են:
«Nouvelles d’Arménie»