ՌԴ ԱԳ Նախարար Սերգէյ Լաւրովն Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Յունիս 22-23 պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Ռուսաստանի դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը` ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ, այսօր առաւօտեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
ՌԴ նախարարը ծաղկեպսակ դրաւ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին, այնուհետեւ Ռուսաստանէն ժամանած պատուիրակութիւնը ծաղիկներ դրաւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան – հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարին յանձնեց 1915 թուականին ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն օգնելու համար բարեգործական նպատակներով Փեթրոգրատի մէջ թողարկուած մետալի ոսկի կրկնօրինակները: Մետալի վրայ պատկերուած է Ռուսական կայսրութեան զինանշան երկգլխանի արծիւի եւ հայկական աւանդական խաչի պատկերները, հետեւեալ գրութեամբ. «Ռուսք առ հայս ի ժամու փորձանացս»:
Հայկ Դեմոյեան Սերգէյ Լաւրովին նուիրեց նաեւ իր հեղինակած «Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը» գիրքը:
www.genocide-museum.am