ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ամերիկահայ Բարերարներ Մերի Եւ Վարդգէս Նաճարեանները

Յունիս 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ բարերարներ, տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեանները: Հ.Յակոբեան հպարտութեամբ արձանագրեց, որ անոնց շատոնց արդէն կարելի է հայաստանցի համարել, քանի որ Նաճարեանները` իբրեւ բժիշկ եւ բուժքոյր, անմիջական մասնակցութիւն  ունեցած են ղարաբաղեան ազատամարտին` մահուան ճիրաններէն փրկելով հարիւրաւոր վիրաւորներու: Նաճարեանները մշտական հոգածութեան տակ կը պահեն զինուորական հիւանդանոցի խնդիրները:

Հիւրերուն խնդրանքով նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց սուրահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման նպատակով պետութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Սուրիահայերուն աջակցման համար, նախարար Հ. Յակոբեան առանձնացուց առաջնային 3 հիմնախնդիր կապուած բնակութեան, աշխատանքի եւ առողջութեան ապահովման հետ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի իշխանութիւններուն` սուրիահայերու խնդիրներուն համակարգուած մօտեցում ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ ջերմ ընդունելութեան համար` տէր եւ տիկին Նաճարեանները պատրաստակամութիւն յայտնեցին  իրենց օժանդակութիւնը բերելու այդ խնդիրներու կարգաւորման` յատկապէս առողջապահութեան պահպանութեան  ոլորտին մէջ:

Scroll Up