Քեսապցիներուն Վերադարձին Նախապատրաստութիւնները Կը Շարունակուին

«Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ քեսապահայութեան պատասխանատուներու հետ, որոնք յայտնեցին, որ երեք-չորս օրէ ի վեր քեսապահայ տղամարդիկ վերադարձած են Քեսապ` ստուգելու համար իրենց կալուածները: Պետական համապատասխան կառոյցները հիմնական աշխատանքները կը կատարեն ենթակառոյցներու` ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերու վերանորոգման իմաստով: Հոսկէ 10 օր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը պէտք է վերադարձած ըլլայ:
Հաղորդուեցաւ, որ ներկայիս ամբողջական խաղաղութիւն կը տիրէ Քեսապի մէջ: Գիւղատնտեսական լաւ բերք գոյութիւն ունի, սակայն դժբախտաբար գիւղատնտեսական գործիքները ամբողջական կողոպուտի ենթարկուած են, կողոպուտի ենթարկուած են նաեւ տուները: Քեսապի երեք հայկական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ կարգ մը հաստատութիւններ եւ տուներ հրկիզման գործողութիւններու ենթարկուած են: Անհրաժեշտ կարիքը կայ, որ հայութիւնը նպաստէ Քեսապի տնտեսական վերականգնումին:
«Ազդակ»