Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Բանակումը Յաղթանակով Պսակուեցաւ

Բա­նա­կում­նե­րը դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան այն­պի­սի մի­ջա­վայր­եր են, որոնց մէջ հայ երի­տա­սար­դը կը թրծուի հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի եւ ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման ու­նա­կութ­եամբ, ըն­կե­րա­սի­րու­թեան, գաղտ­նա­պա­հու­թեան, փո­խա­դարձ յար­գան­քի, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան  բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ:

Բա­նա­կում… կեանք բնութեան մէջ, ան­մո­ռա­նա­լի օրեր, նոր ըն­կեր­ներ, ան­կա­րե­լին կա­րե­լի դարձ­նե­լու յանձ­նա­ռու­թիւն, կամ­քի զօ­րու­թիւն, հա­ւաքական աշխատանք: ՍԵՄ-ի բա­նա­կու­մը սուրիահայ երի­տա­սար­դի միու­թե­նա­կան կեան­քին վրայ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի: Անոր նպա­տակն է հա­մախմ­բել դաշ­նակ­ցա­կան երի­տա­սարդ­նե­րը եւ կեն­դա­նի շփու­մով հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ ստեղ­ծե­լու դաշ­նակ­ցա­կան ընդ­հա­նուր գոր­ծե­լա­ոճ, մտա­ծե­լա­կերպ:

Մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ տար­ուայ ընդ­մի­ջու­մէ ետք, բա­նա­կու­մը դարձ­եալ հա­մախմ­բեց մեզ: Քե­սա­պի «Շանթ», Լա­թաք­իոյ «Կայ­ծակ», Հա­լէ­պի «Ազա­տա­մարտ», «Ար­ցախ» եւ «Փո­թո­րիկ» մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն  մե­ծա­թիւ բա­նա­կող­ներ վա­յե­լե­ցին դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով, զրոյց­նե­րով, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով, ար­շաւ­նե­րով ու կան­չե­րով լի օգ­տա­շատ բանակում մը:

«Ռաֆ­ֆի Պչաքճ­եան»… նա­հա­տակ ըն­կեր, նուի­րու­մի աղ­բիւր, զո­հա­բե­րու­մի իս­կա­կան օրի­նակ: Պա­տա­հա­կան չէր, որ ՍԵՄ-ի այս  բա­նա­կու­մը կոչ­ուե­ցաւ  «Ռաֆ­ֆի Պչաքճ­եան» բա­նա­կում: Հա­ւա­նա­բար մեզ­մէ շա­տեր ծա­նօթ չէ­ին ըն­կեր Ռաֆֆի­ին, բայց կ՛ըմբռնէին անոր զոհողութեան արժէքը: Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իր լա­ւա­գոյն­նե­րը զո­հա­բե­րած է յա­նուն ժո­ղո­վուր­դին: Խիզախն ու քա­ջա­րին, ար­հես­տա­ւորն ու մտա­ւո­րա­կա­նը, գիւ­ղա­ցին ու քա­ղա­քա­ցին: Զո­հա­բե­րու­թիւնը թարգ­մանն է դաշ­նակ­ցա­կա­նի գա­ղա­փա­րա­կան տես­լա­կա­նին, իսկ պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ նա­հա­տա­կու­թիւնը այդ զո­հա­բե­րութ­եան սր­բա­գոյն ար­տա­ցո­լումն է: Զո­հա­բե­րու­թիւնը դաշ­նակ­ցա­կան շար­քե­րու հա­մես­տու­թիւնը երաշ­խա­ւո­րող, անոր ակունք­նե­րը խարս­խող, զայն ան­քակ­տելի­օ­րէն իր ժո­ղո­վուր­դին շաղ­կա­պող շղ­թան է:

Ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում­ներ, ան­սահ­ման ու­րա­խու­թիւն եւ ոգե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցանք, երբ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը ՍԵՄ-ական­նե­րուն փո­խան­ցեց, թէ այս տա­րի բա­նա­կու­մի ծրա­գիր մը կայ: Դժ­ուար էին պա­րա­գա­ներն ու պայ­ման­նե­րը, ըլ­լան անոնք ըն­տա­նե­կան, ապա­հո­վա­կան, նոյ­նիսկ դպ­րո­ցա­կան` քննու­թիւն­նե­րու զու­գա­դիպ­ման պատ­ճա­ռով: Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, Հա­լէ­պէն աւե­լի քան 90 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներ ամէն տե­սա­կ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման գնով ճամ­բայ ելան դէ­պի Քե­սապ, ոմանք եր­բեք ծա­նօթ չէ­ին բա­նա­կու­մին, ոմանք ալ  տա­րի­նե­րէ ի վեր երկ­րի ան­կա­յուն վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով չէ­ին կր­ցած Հա­լէ­պէն դուրս ել­լել: Այն­ուա­մե­նայ­նիւ բո­լորս խան­դա­վառ էինք, անն­կա­րագ­րե­լի ու­րա­խու­թիւն կ՛ապ­րէ­ինք:

12 ժամ­ուայ ան­հան­դու­րժե­լի ու եր­կար ճամ­բոր­դու­թե­նէն ետք, Քե­սա­պի Հա­մա­լի­րի ըն­դար­ձակ դաշ­տէն ներս հա­մախմբ­ուե­ցանք: Հա­լէ­պա­հայ ըն­կեր­նե­րուն վրայ քա­ղա­քի ներ­քին վի­ճակն ու հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րը խոր ազ­դե­ցու­թիւն ձգած էին, բայց Քե­սա­պի հս­կայ լեռ­նե­րը, բնու­թիւնը,  օդն ու ջու­րը դրա­կան նե­րու­ժով լից­քա­ւո­րե­ցին անոնց:

Բա­նա­կու­մի եօ­թը օրե­րը վերջ գտան մեր մէջ քաղցր յի­շա­տակ­ներ դրոշ­մե­լով: Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րը, ըն­կե­րա­յին ջերմ մթ­նո­լոր­տը, մար­զանքն ու սրտ­բաց զրոյց­նե­րը գա­ղա­փա­րա­կան մեծ շտե­մա­րա­նի մը առն­չա­կից դար­ձու­ցին մեզ ու նոր որակ տուին մեր կեան­քին:

Եօթ­նօր­եայ ծրա­գի­րի աւար­տին, Մե­ծի  Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նին, ինչ­պէս նա­եւ Ազգ. Կեդր. Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խա­նին,  Պատ­կան Մարմ­նին, Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան եւ հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւնը առա­ւել ուժ եւ յոյս ներշն­չեց բանակող երի­տա­սարդ­նե­րուն:

Բո­լորս յանձ­նա­ռու­թեամբ շեշ­տե­ցինք մեր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը` պայ­քա­րե­լու Հա­յաս­տա­նին, Հայ Դա­տին ու մեր հա­մայն­քի շա­հե­րուն ի խն­դիր:

Նարինէ Սիսեռեան

Գանձասար

Scroll Up